Հայաստանի մօտ Վրաստանի դեսպանութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Թիֆլիսի մէջ գործող հայկական թատրոնը, ինչպէս նաեւ վեց եկեղեցիներ կը վերականգնին Վրաստանի վարչապետ Բիձինա Իւանիշվիլիի հիմնադրամին միջոցներով:
Արդէն քանի տարիէ ի վեր Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցիները վէճի առարկայ են Հայաստանեայց Առաքելական եւ Վրաց ուղղափառ եկեղեցիներուն միջեւ: Հայերը կը պահանջեն վերադարձնել 1920-1930ական թուականներուն իրենց օրինական տիրոջմէ՝ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիէն բռնագրաւուած վեց եկեղեցիները (Ս. Նշան, Ս. Նորաշէն, Մուղնեցոց, Ս. Գեւորգ եւ այլն): Վրաց եկեղեցին առաջարկած է կազմել յանձնաժողով մը եւ կատարել հնագիտական հետազօտութիւններ՝ պարզելու համար եկեղեցիներուն «պատկանելութիւնը»:
Յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան մտահոգութիւն յայտնած է Վրաստանի դիրքորոշումին նկատմամբ, մասնաւորապէս, այն փաստով, որ «Վրաց եկեղեցին փորձում է վրացականացնել եկեղեցիները»:
Ըստ Կարապետեանի՝ Վրաստան կը վարէ երկիրի պատմական յուշարձաններէն «հայկական հետքեր» ջնջելու կանխամտածուած քաղաքականութիւն: Նշենք, որ բոլոր վեց վիճահարոյց եկեղեցիները կը գտնուին շատ վատ վիճակի մէջ:
Այս ծիրէն ներս, վարչապետ Իւանիշվիլին մտադիր է վերականգնման աշխատանքներ իրականացնել. «Աւելի լաւ է ես զանոնք վերականգնեմ, իսկ ապա թող գիտնականները որոշեն, թէ որուն կը պատկանի այս կամ այն եկեղեցին: Որովհետեւ, եթէ մենք տարիներով վիճինք, անոնք իսպառ կը քանդուին, եւ արդէն որոշելու բան չի մնար», վարչապետի խօսքը մէջբերած է դեսպանը:
2012ին Երեւան կատարած Իւանիշվիլիի այցի ընթացքին Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ կնքուած է 2013-2015 համագործակցութեան ծրագիր՝ երկու երկիրներու մշակոյթի նախարարութիւններու մակարդակով: Իւանիշվիլին նշած է, որ իր կառավարութիւնը հնարաւոր ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի հայ-վրացական յարաբերութիւնները դառնան լաւագոյնը պատմութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.