ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շուրջ վեց տարիներ առաջ ընթացք ստացած Եւրոպայի յատուկ իսլամ-քրիստոնեայ կնոջական դասընթացքը հասաւ իր աւարտին 2-11 Փետրուար 2013ին՝ Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած դասընթացքի վերջին հանգրուանով:
Արդարեւ, յիշեալ դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 40 քրիստոնեայ եւ իսլամ կիներ: Դասընթացքին մնայուն ղեկավարներն էին՝ դոկտ. Ռայնհիլդ Թրայթլեր (Աւստրիա) եւ Թենի Սիմոնեան-Փիրի (Զուիցերիա): Դասընթացքին նաեւ իբրեւ դասախօսներ մասնակից դարձան փրոֆեսէօրներ Եւրոպայի զանազան համալսարաններէն:
Երեք հանգրուաններէ բաղկացած դասընթացքին քննուեցան Եւրոպայի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ կրօններու համակեցութեան, փոխյարաբերութեան ու գործակցութեան առնչուած որոշ հարցեր ու մարտահրաւէրներ՝ բնականաբար յատուկ շեշտ դնելով այդ ծիրին մէջ կնոջ վիճակուած դերակատարութեան վրայ: Դասընթացքին մասնակիցները անցնող վեց տարիներուն ընթացքին Եւրոպայի զանազան շրջաններուն մէջ ունեցան իրենց հանդիպումները. իւրաքանչիւր հանդիպումի խտացեալ դասընթացքը տեւեց շուրջ տասը օր:
Դասընթացքի եզրափակիչ նիստը եւ վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Նկատի ունենալով քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տարած աշխատանքները՝ վեհափառ հայրապետը իր հովանաւորութիւնը շնորհած էր վերոյիշեալ կարեւոր նախաձեռնութեան: Ընդունելով դասընթացքին մասնակիցները՝ վեհափառ հայրապետը յատուկ կերպով շեշտեց նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը. «Կնոջ դերը վճռական է կրօններու գործակցութեան եւ համակեցութեան գծով: Ճիշդ է, երկու միաստուածեան կրօնները տարբեր մօտեցում ունին կնոջ դերակատարութեան գծով, սակայն այդ տարբերութիւնները առաւելաբար առնչուած են ընկերային-մշակութային միջավայրերուն ու աւանդութիւններուն. այլապէս, թէ՛ քրիստոնէութիւնը եւ թէ իսլամութիւնը կը քաջալերեն կնոջ գործօն մասնակցութիւնը համայնքային կեանքի զանազան մարզերուն»: Վեհափառ հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց դասընթացքի ղեկավարներուն:
Յայտնենք, որ անցնող տարիներուն ընթացքին դասընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն Իրմա Վարդանեան-Պալեան եւ Սարին Գարաճրճեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.