
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, Ուրբաթ, 15 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղիունեցաւ Արեւմտահայաստանի նուիրուած ձեռնարկ մը՝ »Կարմիր հողը» խորագիրով:
Հայաստանի եւ ՀՅԴի քայլերգներէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լալէ Բագրատունի, որ նշեց, թէ բոլորս ալ կ՛ուզենք տեսնել մեր հողերը, դիտել, շնչել, քալել այն ճամբաներով ու դաշտերով, որոնք ողողուած են մեր հերոսներուն ու նահատակներուն արիւնով: Դժբախտաբար, մենք այսօր կ՛ապրինք ուրիշին հողին վրայ, անծանօթ երկիրի մէջ՝ իբրեւ հիւր եւ թափառական:
«Իբրեւ ՀՅ Դաշնակցութեան Զաւարեան Ուսանողական Միութեան անդամներ, պարտաւորուած կը զգանք ձեզի յիշեցնելու Արեւմտահայաստանի, մեր պապենական հողերուն արժէքը, կարեւորութիւնը եւ անոնց յատուկ ու արմատական դերը մեր ինքնութէան կերտման մէջ», ըսաւ Լ. Բագրատունի:
Ան յայտնեց, որ այնքան ատեն որ հայը կ՛ապրի Սփիւռքի մէջ՝ առանց իր հողերուն, կը կորսուի օտարութեան մէջ:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ան իր խօսքին առաջին բաժինով անդրադարձաւ աշխարհի տարբեր երկիրներու դիմագրաւած տագնապին՝ յայտնելով, որ ներկայ վիճակը մտահոգիչ է:
Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Ափրիկէն, Միջին Արեւելքը յատկանշուած են ապագայի անորոշութեամբ, իսկ հայութիւնը շահագրգռող ամէնէն հրատապ հարցը անշուշտ Միջին Արեւելքն է, ուր կը գտնուի հայութեան հայրենիքը՝ Հայաստանը, անկէ բրտօրէն խլուած հարազատ հոգեհատորը՝ Արեւմտեան Հայաստանը եւ շրջանի հայկական համեմատաբար կարեւոր համրանք ու որակ ընդգրկող գաղութները՝ Իրանը, Սուրիան, Լիբանանը, որոնք բոլորն ալ հայութեան ազգային քաղաքական դաշտին մօտէն առնչուած են:
Մկրտիչեան յայտնեց, որ մեր օրերուն մակերեսային ձեւով հետեւող մարդոց համար Հայ Դատը կը կայանայ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ընտանիքին կողմէ ճանաչման մէջ:
Սակայն ան նշեց, որ թրքական պետութէան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումով հարցը չի վերջանար, որովհետեւ անոնք գիտեն, թէ առանց հատուցման հարցին ճանաչումը ճիշդ է, որ կը սատարէ զոհին հոգեկան բաւարարութեան, բայց նաեւ ոճրագործին եւ մեղսակիցներուն խիղճի հանդարտեցման:

Ինչ կը վերաբերի պահանջատիրութեան հարցին, Մկրտիչ Մկրտիչեան ըսաւ, որ պահանջատիրութեան հարցին մէջ հայկական հասարակութեան մէջ տակաւին չէ ստեղծուած կատարեալ միասնականութիւն, որ անհրաժեշտ է այդ ուղղութեամբ արդիւնաւէտ պայքար տանելու համար: Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին, պահանջատիրութիւն ըսելով պէտք է հասկնալ հետեւեալը. «Մեզի համար յստակ է վախճանական նպատակը, որ կ՛ամփոփուի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան տարազին մէջ: Այս տարազին վերջին կէտը կը պարունակէ հայութեան դատն ու վերջին դարերու հայոց պատմութեան ամբողջ ողբերգութիւնը, որ մեր առօրեայ բառապաշարին մէջ կը ստանայ Արեւմտահայաստան եւ Արեւելահայաստան անուններ կերպարը, բայց անոնց խորքային իմաստը էապէս քաղաքական է»:
Մկրտիչեան աւելցուց, որ Արեւմտահայաստանը, բռնագրաւեալ Հայաստանն է, երազն է, Տողու Անատոլուն՝ դառն իրականութիւնը: Երազը այլ ձեւի իրականութեան վերածելու համար պէտք են կամք, վճռակամութիւն, յարատեւութիւն, բայց նաեւ՝ հետեւորդ, մասնագիտութիւն, բարեկամներ եւ դաշնակիցներ, երկար, շատ երկար աշխատանք:
Մկրտիչեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր կ՛ապրին շուրջ 15 միլիոն քիւրտեր, 11 միլիոն ալեւիներ, կ՛ըսուի նաեւ, որ կան շուրջ 1 միլիոն թաքուն եւ իսլամացած հայեր: Ասոնց մեծամասնութիւնը կ՛ապրի Արեւմտահայաստանի հողերուն վրայ: Թէեւ քիւրտերն ու ալեւիները ըմբոստացած են քանի մը անգամ պետութեան քաղաքականութեան դէմ, եւ ներկայ վարչակարգը սկսած է երկչոտ քայլերով ընդունելու անոնց մշակութային պահանջները, բայց այս բոլորը իրենց կարգին կը հրահրեն կիրքը ազգայնամոլական շրջանակներուն որոնց համար Թուրքիան կը պատկանի միայն թուրքերուն:
Մկրտիչեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Ցեղասպանութեան հարցը թրքական հասարակութեան մէջ տասնամեակէ մը ի վեր քննարկման նիւթ է: Իսկ Ցեղասպանութեան ապագայ ճանաչման հոլովոյթը սկսած է Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս միշտ՝ հայութեան «քաջ որդւոյն սուրբ արիւնով»: Ուրեմն ժամանակ մը առաջ տարուած պայքարը իր պտուղը կրնայ տալ նաեւ տասնամեակներ ետք, աւելցուց ան: Եթէ խորապէս կը հաւատանք, թէ մեր ճիգերով հիմնական թիրախը Արեւմտահայաստանն է, ապա առաջին գործողութիւնը թիրախի ծանօթացումն է, «ի՞նչ է, ո՞ւր է, ո՞վ է» հարցումներուն պատասխանը տալը, երկրորդ՝ պէտք է պատասխանել «ինչպէ՞ս» հարցումին:
«Աւելի մօտէն պէտք է տեսնել կորուստին մեծութիւնը, որուն պատճառած ցաւը աւելի եւս կ՛ամրապնդէ յիշողութիւնը: Պէտք է տեսնել այն մարդիկը, որոնք կ՛ապրին այդ նոյն հողին վրայ. անոնց մէկ մասը կերպարանափոխուած իսկական ժառանգորդներէն են այդ հողերուն», ընդգծեց Մ. Մկրտիչեան:
«Ասոր կողքին նաեւ թշնամիին՝ թրքական պետութեան եւ անոր մեքենային պէտք է ծանօթանալ», աւելցուց ան:
Իր խօսքի վերջին բաժինով ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան ըսաւ, որ երկարատեւ պայքարի դաշտ մը ժամանակի պատճառած մաշումի երեւոյթներուն դէմ դիմադրելու համար պէտք ունի ենթակայական տուէալներու հսկայ շտեմարանի եւ այդ պայքարին մէջ նետուողները գիտակից պէտք է ըլլան, որ իրենց ճիգերը անմիջական արդիւնքը պիտի չտան, եւ անոնց հոգեկան կառուցուածքը պէտք է ամուր ըլլայ: «Այսպիսի յատկութիւններ գաղափարական նկարագիրի տէր մարդիկ կ՛ունենան միայն: Մեր օրերուն գաղափարական մարդոց պակասը զգալի է: Անոնց պատրաստութիւնը դժուարացած է: Սակայն մեզի համար դժուար չէ դէպի գաղափարականութիւն վերադարձը: Այդ ուղղութեամբ պէտք է աշխատի երիտասարդութիւնը: Մասնաւորաբար հայ ուսանողութիւնը, որ պէտք է վերածուի գաղափարական վերանորոգման դարբնոցի»:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Գայեանէ» պարի դպրոցի աշակերտները, ինչպէս նաեւ տհոլներու համոյթը: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսաերիզ մը՝ Արեւմտահայաստանի պատմական կարեւոր շրջանները ներկայացնող: Ժապաւէնին մէջ գործածուած էին նկարներ, զորս Արեւմտահայաստան գործուղուած ընկերներ նկարած էին:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Պիտի գնանք» երգով: