
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացած է Հայաստանի Միաւորուած կոմունիստական կուսակցութեան նախագահ Եուրի Մանուկեանը: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան առաջին քարտուղար Ռուբէն Թովմասեանը: «Շատ մանրամասների չեմ տիրապետում, քանզի արդէն տասը տարուց աւելի է, որ մենք կապ չեն պաշտպանել, բայց այսօր տեղեկացայ նրա մահուան մասին», ըսած է Ռ. Թովմասեան:
Եուրի Մանուկեանը եւ անոր կողմնակիցները 2001 թուականին անջատուած են Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութենէն եւ ստեղծած է առանձին՝ Հայաստանի նորացուած կոմունիստական կուսակցութիւնը: Հայաստանի Միաւորուած կոմունիստական կուսակցութիւնը ստեղծուած է 2003 թուականին: Կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն երբեւէ չէ մասնակցած, սակայն կուսակցութեան նախագահ Եուրի Մանուկեանը մինչեւ 2001 թուական պատգամաւոր եղած է Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութեան շարքերէն: