
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Տան մաքրութիւնը անհրաժեշտութիւն որպէս կ՛իրագործուի հետեւողական ձեւով: Ճիշդ է, որ կը մաքրենք, սակայն երբեմն յաւելեալ ուշադրութիւն պէտք է դարձնենք կարգ մը անկիւններու: Այսօր կը խօսինք այդ կէտերուն մասին, ուր թունաւոր նիւթեր կրնան ըլլալ: Ահաւասի՛կ որոշ ձեւեր՝ ազատելու համար իւրաքանչիւր սենեակի թոյնէն ու աղտէն: Ինչպէս նաեւ այսու կը ներկայացնենք այն բաժինները, ուր թոյն հաւաքուելու հաւանականութիւնը բարձր կ՛ըլլայ:
– ԽՈՀԱՆՈՑ.- Փուռի մաքրութիւն
Եթէ փուռերը ինքնին մաքրումի հնարաւորութիւն չունին, ապա այդ ցրուիչները, որոնք շուկայի մէջ կը վաճառուին, բաւական թունաւոր են եւ կրնան մեծ վնասներ պատճառել: Նոյնիսկ ձեռնոցով աշխատելու պարագային, անոնք միայն փչուելով արդէն թունաւոր արտադրութիւններ կը թողեն: Բարեբախտաբար, շատ հեշտ եւ պարզ միջոց մը կայ՝ առանց որեւէ թունաւոր նիւթի: Ջուրին մէջ սոտա (Soda) դրէք եւ ձեր փուռը անով մաքրեցէ՛ք: Այսպիսով կրնաք թէ՛ թունաւոր նիւթերէ զերծ պահել եւ թէ իւղէ ազատել ձեր փուռը:
– ԲԱՂՆԻՔ.- Ակռայի դեղ
«Ֆլորայտ»ով պատրաստուած ակռայի դեղերը ատամներու մաքրութեան համար շատ անհրաժեշտ են, սակայն անոնց մէջ գոյութիւն ունեցող հակապաքթիրիական նիւթերը կամ թոյները, ինչպէս՝ «թրիքլոզան»ը, կրնան մարմինին մեծ վնասներ պատճառել: Ուրեմն, երբ ակռայի դեղ պիտի գնէք, ուշադրութիւն ըրէք, որ դեղը չպարունակէ նման նիւթեր, որոնք կրնան մարմինին մէջ մնալ ու թունաւորել զայն, յատկապէս՝ երեխաներու պարագային: Յիշեցէ՛ք գնել «թրիքլոզան» (Triclosan) չպարունակող ակռայի դեղ:
– ՃԱՇԱՍԵՆԵԱԿ.- Մոմեր
Մոմերը, զորս ընտանեկան հաւաքներու կամ ընթրիքի ժամանակ կը վառենք, լաւ մթնոլորտ կը ստեղծեն, սակայն, անով հանդերձ՝ որոշ թունաւոր արտադրութիւններ ունին: Յատկապէս անուշաբոյր մոմերը իրենց պատրոյգին մէջ կապար կը պարունակեն, եւ այդ պատրոյգը վտանգաւոր աստիճանի կրնայ հասցնել կապարի մակարդակը սենեակէն ներս: Ուսումնասիրուած է, թէ այդ մետաղեայ պատրոյգին վառիլը խիստ առնչութիւն կրնայ ունենալ սորվելու դժուարութիւններու կամ Փարքինսըզ հիւանդութեան յառաջացման իմաստով:
Նոյն ուսումնասիրութիւնները կը հաստատէ, թէ որեւէ տեսակի բոց, տան մէջ, կրնայ թոյներ արձակել: Նոյնիսկ beeswax անվնաս կարծուած մոմերը կրնան իրենց վնասները ունենալ: Ուստի խորհուրդ կը տրուի, որ միայն յատուկ առիթներու վառել մոմեր եւ՝ կարճ ժամանակի համար:
ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՍԵՆԵԱԿ.- Գորգեր
Ծխախոտի ծուխէն անմիջապէս ետք, տան մէջ ամէնէն թունաւոր բաժինը կարելի է համարել ամէնօրեայ սենեակի գորգը: Անիկա իրեն մէջ կը պարունակէ կենսոլորտային շարք մը թուանաւոր նիւթեր: Նոյնիսկ նոր գորգերը, որոնք յատուկ հոտ կ՛ունենան եւ որոնցմով կը հմայուին նոր վարձակալները, թունաւոր քիմիական նիւթ կը պարունակեն: Այդ նիւթը կը կոչուի 4-Phenylcyclohexene եւ աղերս ունի տեսողութեան ու շնչարական հարցերու հետ: Այս պարագային, խորհուրդ կը տրուի ընդհանրապէս առանց գորգի տուներու մէջ ապրիլ՝ եթէ հնարաւոր է:
– ԼՈՒԱՑՔԱՏՈՒՆ.- Չորացման թուղթեր
Բոլորս ալ կը սիրենք մաքուր հագուստները: Չորացման ընթացքին օգտագործուելիք մաքրութեան անուշաբոյր թուղթերը կրնան առողջական վնասներ պատճառել մարմինին: Նիւթերը, որոնք գոյութիւն ունին այդ թուղթերուն մէջ, թունաւոր են: Անոնք, որոնք այդ թուղթերը կը գնեն եւ իրենց լուացքին հետ կը դնեն չորացման ժամանակ՝ անուշ հոտ ստանալու միտումով, պէտք է հասկնան, թէ այդ թունաւոր նիւթերը կը ներծծուին իրենց հագուստներուն մէջ եւ հետեւաբար՝ մեր մորթին մէջ:
Կարելի է այդ թուղթերուն փոխարէն, յատուկ իւղերէ (essential oils) քանի մը կաթիլ ջուրով խառնել ու այդ պարունակով թեթեւօրէն խոնաւցնել սաւաններն ու անձեռոցները, երբ անոնք դուրս կը բերուին չորացման գործիքէն:
– ԵՐԵԽԱՆԵՐՈՒ ԽԱՂԱՎԱՅՐԸ.- Արուեսի առարկաները
Ոչ մէկ ծնողք կ՛ուզէ իր երեխաներուն ստեղծագործական միտքը սահմանափակել: Հոս հարկ է ուշադրութիւն դարձնել մանաւանդ հաստ marker-ներուն, որոնք սիրուն գոյներ եւ հաճելի ստեղծագործական հնարաւորութիւններ կու տան երեխային, սակայն, միաժամանակ, բաւական թունաւոր նիւթեր կը պարունակեն իրենց մէջ: Մանաւանդ երբ դէմքին, աչքին, քիթին մօտ կը գործածուին, անոնք կրնան բորբոքումներ յառաջացնել եւ վնասներ պատճառել մորթին, դէմքին, աչքերուն, կոկորդին եւ մինչեւ իսկ թոքերուն: æանացէ՛ք գնել այն marker-ները, որոնք սենեակէն ներս գործածուելով՝ չեն վնասեր սենեակի օդի մաքրութեան եւ վաւերացուած են International Institute for Bau-Biologie and Ecology հաստատութեան կողմէ: Նաեւ ուշադրութիւն դարձուցէք ձեր գնած permanent marker-ներուն եւ ջանացէք զանոնք փոխարինել կապար չպարունակող գունաւոր մատիտներով: Այս տեսակը, սովորաբար, նուազ վնասակար է, սակայն ասոնք եւս իրենց մէջ ունին թունաւոր ալքոհոլի տեսակներ, որոնց արտադրած շոգին կրնայ շնչուիլ եւ վնաս պատճառել: