ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Համաշխարհային դրամատան գործադիր տնօրէններու խորհուրդը հաստատած է «Կենսական նշանակութեան ճանապարհներու բարելաւման ծրագիր»ի ծիրին մէջ Հայաստանին 45 միլիոն տոլարի վարկի տրամադրումը:
«Ազատութեան» փոխանցումով, ծրագիրը պիտի աջակցի համայնքներու հասանելիութեան բարելաւման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան ընթացիկ աշխատանքներուն՝ ապահովելով 170 քիլօմեթր կենսական նշանակութեան ճանապարհներու վերականգնումը, միեւնոյն ժամանակ՝ աշխատատեղեր ստեղծելով գլխաւորաբար գիւղական ազգաբնակչութեան համար:
Ծրագիրով կը նախատեսուի Արագածոտնի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի, Կոտայքի, Լոռիի եւ Սիւնիքի մարզերու 31 համայնքներէն ներս վերակառուցել 170 քիլօմեթր կենսական նշանակութեան ճանապարհներ: Ծրագիրը կը նախատեսուի իրականացնել 4 տարիէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.