Հայաստան համացանցային հասանելիութեան առումով յառաջատար է Հարաւային Կովկասի մէջ, հաստատած է «Կոլլափի»ի կատարած հարցախոյզը։
Հարցախոյզին համաձայն, 2011 թուականին աշխարհի մէջ բնակչութեան 32 տոկոսին համար համացանց հասանելի եղած է: Ան հարցախոյզ կատարած է 148 երկիրներու մէջ, 2010ի տուեալներուն հետ բաղդատելով՝ համացանցի հասանելիութիւնը աշխարհի մէջ բարձրացած է 3 տոկոսով:
Հայաստանի մէջ 2011ին հարցախոյզին մասնակիցներուն 33 տոկոսը յայտնած է, որ տան մէջ համացանց ունի:
Վրաստանի մէջ համացանցի հասանելիութիւնը 29 տոկոս է, իսկ Ատրպէյճանի մէջ՝ 15 տոկոս:
Թուրքիան եւ Իրանը այս առումով կը գերազանցեն Հայաստանը. ըստ «Կոլլափի»ի, Իրանի մէջ 38, իսկ Թուրքիոյ մէջ հարցախոյզին մասնակիցներուն 40 տոկոսը յայտնած է, թէ տունը համացանց ունի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.