
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Թարաֆ» թերթի յօդուածագիր Ճենկիզ Աքթար իր «Ուրբաթի նօթեր» յօդուածին մէջ Դեկտեմբեր 7ին կը յիշեցնէ, թէ Սուրիոյ հայերը եւս մնացած են ներքին պատերազմի դժոխքին մէջ՝ աւելցնելով, թէ այդ հայերուն պապերը իրենց «Անատոլուի հայրենիքէն վռնտուած էին»:
«Սպանդէ փրկուածներուն թոռները կ՛ապրին Սուրիոյ, Լիբանանի եւ քիչ մըն ալ Իրաքի մէջ։ Պէտք չէ՞, որ հիմա, սիւննիներու կողքին, մօտիկութիւն մը զգանք այս հայերուն նկատմամբ եւս, մանաւանդ եթէ յիշենք հարիւր տարի առաջ պատահածները», կը գրէ Աքթար՝ համակրական տողեր գրելով հայերու մասին: