Մոսկուայի «Սուրիքով Հոլլ» սրահին մէջ Դեկտեմբեր 2ին Գառնիկ Սարգիսեանի կատարումով տեղի ունեցաւ հայրենասիրական երգերու երեկոյ՝ «Մեր յաղթանակներու երգերը» խորագիրով: Երեկոն նախաձեռնած էր «Համշէն» ընկերակցութիւնը՝ «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան աջակցութեամբ:
Բանալով երեկոն, «Համշէն» ընկերակցութեան նախագահ Աշոտ Տուտուքչեան յայտնած է, որ նախաձեռնութիւնը ուղղուած է Սփիւռքի հայրենասիրական երգերու մեկնաբանը ռուսահայութեան ներկայացնելուն եւ ձեռնարկին միջոցով սուրիահայութեան աջակցելուն:
Ներկաներուն դիմած է «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեան, որ շեշտեց, թէ Գառնիկ Սարգիսեանի արուեստը կը խորհրդանշէ հայկական յաղթական ընթացքը եւ ազգային-ազատագրական պայքարի փուլերու միասնութիւնը՝ ֆէտայական շարժումէն մինչեւ Արցախեան ազատամարտ: Ըստ անոր՝ ներկայիս, երբ ռուսահայութիւնը աւելի կազմակերպուած է, իսկ Հայաստանը, ԼՂՀն եւ հայկական բանակը մեզմէ իւրաքանչիւրի յաւելեալ նուիրումի կարիքը ունին, նման բովանդակութեամբ երեկոն առանձին իմաստ կը հաղորդէ այդ ընթացքին:
Երեք ժամ շարունակ Գառնիկ Սարգիսեան իրեն նուագակցող խումբին հետ ներկայացուց մօտ չորս տասնեակ երգեր, որոնք կը գովերգեն հայ մարտիկի անձնազոհութիւնը, քաջութիւնը եւ յաղթական երթը: «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», «Գինի լից», «Զգոյշ խօսիր Հայաստանում», «Քեռիի երգը», «Լիզպոնի հինգը», «Իմ անոյշ մայրիկ», «Հայոց մարտիկներ», «Ելէ՛ք հայեր պայքարի» եւ այլ երգերու ինքնատիպ կատարումը ոգեւորութիւն յառաջացուց դահլիճին մէջ: Իսկ դիմելով երեկոյին ներկայ մօտ հազար հայրենակիցներուն, Գառնիկ Սարգսեան նշեց, որ քառասուն տարուան ընթացքին ինք եղած է հայկական Սփիւռքի գրեթէ բոլոր կազմակերպուած համայնքներուն մէջ, բայց ծանօթ չէ ռուսահայ համայնքին, ուստի այս երեկոն փոխադարձ ճանաչողութեան համար է նաեւ: Ան աւելցուց, որ ռուսահայութեան հրաւէրը եւ դահլիճին արձագանգը զինք ալ կ՛ոգեւորեն:
Երեկոյին ու Գառնիկ Սարգսեանին իր զօրակցութիւնը յայտնած է յայտնի երգիչ Աբրահամ Ռուսոն՝ ազգային-յեղափոխական երգացանկէն կատարելով մէկ երգ: Դիմելով դահլիճին, ան նշած է, որ Սփիւռքի մէջ սերունդներ կը դաստիարակուին Գառնիկ Սարգիսեանի ոգեշունչ երգերով:
Մոսկուայի հայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց Գառնիկ Սարգիսեանի կատարումները, իսկ ամբողջ երեկոյի ընթացքին դահլիճին մէջ ներկայ հայ երիտասարդութիւնը երգիչի կատարումին կ՛ուղեկցէր հայկական խրոխտ պարերով:
Երեկոյի հասոյթը պիտի տրամադրուի Սուրիոյ հայութեան աջակցող հիմնադրամներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.