ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ

Աւանդութիւնները մարդկային ընկերութեան կապերը ա՛լ աւելի կ՛ամրացնեն, ինչպէս նաեւ կ՛ապացուցանեն միութիւններու պատմական արմատները: Գոհաբանութեան օրը պահ

մըն է, երբ մարդիկ իրարու մօտ գալով՝ գաղափարներ կը փոխանակեն, միասնաբար ճաշելով եւ ըմբոշխնելով բերրի հունձքը: Այս տօնը օրհնութիւն մըն է միասնաբար բաժնեկցելու մեր ունեցած բարիքները:
Ամէն տարի այս առթիւ, Պոլսահայ միութեան գործադիր մարմինի վարչութիւնը իր ծառայասէր անդամներուն երախտագիտութիւն յայտնելու առիթը կ՛ունենայ:
Նոյեմբեր 9ի գիշերը, միութիւնը կազմակերպած էր տարեկան սոյն աւանդական ընթրիքը, միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ, ուր ներկայ էին 177 անդամներ:
Բացման խօսքը կատարեց գործադիր մարմինի խորհրդատու անդամուհի Թալին Սարաֆօղլու, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց բոլորին ներկայութեան համար՝ միասնաբար ստեղծելով հրաշալի ընտանիք մը:
Համադամ ուտելիքներու կողքին, ներկաները ստացան միութեան խորհրդանշանը կրող մէկական փորագրուած արոյրէ յուշանուէրներ՝ նուիրուած գործադիր մարմինի ատենապետ Գուրգէն Պերքշանլարի կողմէ: Տեղի ունեցաւ միութեան պատմութիւնը եւ անցնող տարիներու գործունէութիւնները ներկայացնող տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը, որ առիթ եղաւ ներկաներուն վերյիշելու միութեան տարած բեղուն աշխատանքը: Տեսաերիզը պատրաստուած էր Սարգիս Սալկընիի կողմէ: Ապա ամպիոն հրաւիրուեցաւ ատենապետ Գուրգէն Պերքշանլար, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց անգամ մը եւս ներկայ ըլլալու այս ձեռնարկին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց բարոյական աջակցութեան եւ նիւթական նուիրատուութիւններուն համար: Ան ողջունեց ներկայ եւ բացակայ նախկին ատենապետները եւ հիմնադիր անդամները, բացատրութիւն տուաւ միութեան գործօն անդամներու ծառայութեան տարիներուն համար զարդասեղ կամ վկայագիր շնորհելու սովորութեան ծագումին մասին: Ան շեշտեց նպատակակէտերը, որոնք պէտք է գործադրուին միութեան հոգաբարձութեան եւ գործադիր մարմինի վարչականներուն կողմէ՝ հետեւեալ ձեւով ամփոփելով զանոնք.
– Հայրենիքի բարգաւաճում.
– Պոլսահայու ոգիով հայ մշակոյթի տարածում եւ զարգացում.
– Սփիւռքի մէջ հայապահպանման համար աշխատանք տանելու յատկացում:
Ան նաեւ բացատրութիւն տուաւ ֆոնտերուն եւ յանձնախումբերու իրագործումներուն մասին, ապա մի առ մի շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին: Ան շեշտեց, թէ պէտք է միութենէն ներս ընդունիլ նաեւ այլ երկիրներ ծնած հայեր՝ ըսելով. «Կարեւորը մեր հայ ըլլալն ու մնալն է, եւ պէտք է որ պայքարը ասոր վրայ կեդրոնանայ, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն վրայ, որոնց հարկ է պարտականութիւն, պաշտօն եւ աթոռ տալ եւ քաջալերել ու նեցուկ կանգնիլ, որովհետեւ անոնք պիտի ըլլան միութեան ապագայ առաջնորդները»:
Այս տարի մեծարուեցան 10, 20 եւ 30 տարուան ծառայութիւն ունեցող հետեւեալ անդամները, որոնք մէկ, երկու կամ երեք ադամանդեայ ակով զարդասեղներ ստացան միութեան ատենապետէն: Անոնց հակիրճ կենսագրականները ընթերցեց Թալին Սարաֆօղլուն:
Երեսուն տարուան ծառայողն էր Միրիճան Կիւրեղեանը, որ նաեւ մեծարուեցաւ Պոլսահայ միութեան «Ցկեանս պատուոյ անդամ»ի յուշատախտակով:
Քսան տարուան ծառայողներն էին Ալին Տոնիկեան, Մարիամ Խաչիկեան, Թիլտա Աճիլաչօղլու-Մինասեան, Կիւլպենկ Մովսէսեան եւ Երուանդ Տոնիկեան:
Իսկ տասը տարուան ծառայողներն էին Սահակ Թունա, Նուպար Գարաթաշ եւ Տիանա Ճանիկ:
Ներկաները մեկնեցան՝ իրեց հոգիներուն մէջ դրոշմուած ըլլալով այն գաղափարը, թէ Պոլսահայ միութեան իսկական ուժը իր անդամներու միակամութեան եւ պարկեշտութեան մէջ է: