
ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Անցեալ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19ին, քոնկրեսական Լինտա Սանչեզ միացաւ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտութեան, ուսուցչակազմին եւ ծնողներուն՝ նշելու համար Հայ Մշակոյթի Օրը։
Քոնկրեսական Սանչեզ, որ մէկ ժամէն աւելի մնաց «Մեսրոպեան»էն ներս, դիմաւորուեցաւ վարժարանի տնօրէն Սեդօ Պոյաճեանի կողմէ։ Ան այցելեց դասարաններն ու խաղավայրերը, եւ մօտէն ծանօթացաւ «Մեսրոպեան»ին։ Ան գնահանտեց «Մեսրոպեան»ի արձանագրած կրթական ու կառուցային բարելաւումները եւ քաջալերեց շարունակել աշխատանքը՝ վարժարանի վերելքին համար։
Մշակոյթի Օրուան յայտագիրին բացումը կատարելով, պրն. Պոյաճեան ներկայացուց քոնկրեսական Սանչեզը եւ ընդգծեց անոր հետեւողական զօրակցութիւնը՝ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ։ Իր ելոյթին մէջ տիկ. Սանչեզ ուրախութիւն յայտնեց Հայ Մշակոյթի Օրուան նշման առիթով։ Ան ըսաւ՝ «Մեր երեխաներուն լաւագոյն ուսումը ջամբելու ապահովումը մեր հայրենիքի ապագային սատարելու լաւագոյն միջոցն է»։ Ան բացատրեց քաղաքացիական մասնակցութեան կարեւորութիւնը, ընդգծեց քուէարկելու արժէքը՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, եւ գնահատեց այս ուղղութեամբ «Հայ Քուէներու» (Hye Votes) ծրագիրով կատարուող աշխատանքները։