ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին Հոկտեմբեր 13ին կը նշէ Սրբոց Թարգմանչաց տօնը: Մայր աթոռի տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, տօնին նախորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Ս. Էջմիածնի գանձատունէն առաջին անգամ ըլլալով դուրս պիտի բերուի Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մասունքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.