ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի մէջ զետեղուեցան հայ մեծանուն գրողներ Պարոյր Սեւակի եւ Հրանդ Մաթեւոսեանի կաւէ արձանները, որոնց տեղադրումը կատարուեցաւ «Մեր մեծերը մեր կողքին են» խորագրեալ նախագիծի ծիրէն ներս։
Հրանդ Մաթեւոսեանի արձանը տեղ գտաւ Մաշտոց պողոտային յարող այգիին մէջ, Եղիշէ Չարենց թանգարանի մօտերը, իսկ Պարոյր Սեւակի արձանը՝ Հրաչեայ Ղափլանեան թատրոնին մօտ։
Աւելի կանուխ, Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ զետեղուած էին բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի եւ դերասան Մհեր Մկրտչեանի արձանները: Այս արձանները քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի նուէրն են Էրեբունի-Երեւան տօնակատարութիւններուն եւ Անկախութեան 21ամեակին առիթով։ Նշենք, որ արձաններ զետեղելու առաջին փուլը պիտի աւարտի 14 Հոկտեմբերին. Երեւանի զանազան հատուածներու մէջ պիտի զետեղուին ինը արձաններ, որոնցմէ 4ն արդէն իսկ զետեղուած են։ Այդ ցանկին մէջ են հայ հանճարներ՝ Մինաս Աւետիսեան, Հրաչեայ Ներսիսեան եւ ուրիշներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.