ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26ի երեկոյեան ժամը 6ին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմին, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Լենա Պօզոյեանի։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եւ անդամներ՝ Թորոս Քէչէճեան ու Անի Մկրտիչեան Գարիքեան։
Առաջնորդը ողջունեց հիւր ՀՕՄականները եւ շնորհաւորեց նորընտիր կազմը, յաջողութիւն մաղթելով անոր աշխատանքներուն։ Իր կարգին Ռիմա Պօղոսեան հարազատօրէն շնորհաւորեց նոր կազմը ու բեղուն գործունէութեան յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեց։
Հանդիպումին, հիւր վարչականները ընդհանուր գիծերու մէջ սրբազանին ներկայացուցին իրենց ծրագիրները, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներով, այլ կ՛ընդգրկեն նաեւ Հայաստանը, Արցախն ու æաւախքը: ՀՕՄի նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը վերանորոգ յանձնառութեամբ պատրաստակամութիւն յայտնեց դիմագրաւելու մեր գաղութի ընտանեկան եւ բարոյական մարտահրաւէրները, որոնք օրըստօրէ զգալի կը դառնան մեր գաղութին մէջ, ինչպէս նաեւ մեր նոր սերունդի հայեցի եւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց ՀՕՄի ժողովրդանուէր ու հայրենաշէն ծառայութիւնները, եւ իր կարգին ընդառաջեց ՀՕՄի մարտահրաւէրներուն, Ազգ. առաջնորդարանի ամբողջական զօրակցութիւնը տալով, ապա նաեւ հիւր վարչականներուն ծանօթութիւններ տուաւ Ազգ. առաջնորդարանի աշխատանքներուն մասին։
Խորհրդակցութեան նիւթ եղան նաեւ ՀՕՄի ու Ազգ. առաջնորդարանի միջեւ համագործակցութիւնը աշխուժացնելու, որպէսզի կարենան իրականացնել զանազան նպատակներ։ Առաջնորդը ողջունեց այս պատրաստակամութիւնը, ընդգծելով, որ մեր ազգային կեանքի յառաջդիմութիւնը արդիւնք է հաւաքական ու միակամ աշխատանքի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.