
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Սիլվա Քէշիշեան եւ Կարէն Եղբայրեան Օգոստոս 10ին հանդիպում մը ունեցած են Պըրպենքի քաղաքապետութեան պաշտօնեաներու միութեան նախագահ Քլիֆըրտ Սինըրի հետ, այս վերջինիս խնդրանքով:
Կողմերը նախ իրարու ծանօթացուցած են իրենց գործունէութիւնները եւ ապագայ ծրագիրները, եւ Սինքըր շեշտած է, թէ Հայ Դատը կրնայ օգտակար հանդիսանալ անգլերէնի սահմանափակ գիտութիւն ունեցող քաղաքացիներու հետ կապ հաստատելու աշխատանքին մէջ:
Ան նաեւ բացատրած է, թէ միութիւնը նախաձեռնած է նոր ծրագիրի մը, որ համայնքին կարօտեալ քաղաքացիներուն տարրական օժանդակութիւններ տրամադրելու առիթներ պիտի ընծայէ կամաւոր աշխատանք կատարելու պատրաստակամութիւն ցուցաբերող քաղաքացիներուն:
Կողմերը քննած են նաեւ քաղաքապետական պաշտօնէութեան մէջ հայերու թիւը աւելցնելու կարելիութիւնները:
«2003էն ի վեր առաջին անգամն է, որ քաղաքին միութիւններէն մէկուն հետ կը գործակցինք: Այդ տարի քաղաքին ուսուցիչներու միութեան հետ գործակցած էինք, կրթաշրջանի վարչութեան նոր անդամներու ընտրութեանց առիթով», կը յայտնէ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Սիլվա Քէշիշեան, աւելցնելով, թէ աշխատաւորական այլ միութիւններու հետ հանդիպումներ եւս կը ծրագրուին: