Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին համաձայն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 26 Սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Նիւ Եորք։
Նոյն օրը նախարարը հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքիի (ԱՄՆ), Իկոր Փոփովի (Ռուսիա) եւ Ժագ Ֆորի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:
Հանդիպման օրակարգին վրայ էին Ատրպէյճանի կողմէ բանակցային գործընթացին հասցուած վնասը եւ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման, բանակցութիւններու ճամբով հիմնախնդիրու խաղաղ կարգաւորման գործընթացին շարունակութիւնը:
Համանախագահները ընդգծած են իրենց երկիրներու սկզբունքային դիրքորոշումը՝ հիմնախնդիրը միայն խաղաղ միջոցներով լուծելու:
Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտընին հետ, որուն հետ քննարկած է հայ-ամերիկեան համագործակցութեան հետագայ զարգացման առնչուող հարցեր: Անոնք զրուցած են նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին, հունգարական-ատրպէյճանական գործարքով մարդասպան Սաֆարովը ազատ արձակելէ ետք ստեղծուած իրավիճակին մասին:
Այս առումով նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է միջազգային հանրութեան կողմէ նման քայլ մը դատապարտելի նկատող միացեալ նախաձեռնութիւն մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.