ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Եւրոխորհրդարանի Ընկերվարական խմբակցութեան նախագահ Հանս Սուոպոտա յայտարարած է, որ Թուրքիա ամենականուխը 2023ին կրնայ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալ՝ աւելցնելով, որ անդամակցութեան բանակցութիւնները փակուղիի մէջ են, որովհետեւ Թուրքիա վերջին քանի մը տարիներուն յատկանշական բարեփոխումներու չէ դիմած Եւրոմիութեան չափանիշերուն հասնելու համար, ինչպէս նաեւ «անլոյծ կը մնան քրտական տագնապը եւ շարք մը այլ կարեւոր հարցեր»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.