ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանէն ներս Սեպտեմբեր 28-29ին պիտի կայանայ «Հայերը եւ յառաջադէմ քաղաքականութիւնը» խորագիրով համաժողովը:
«Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ համաժողովի քննարկման նիւթը պիտի ըլլայ «Հայաստանը 21րդ դարուն»:
Համաժողովին պիտի մասնակցին 30 փորձագէտներ, «էքթիվիսթ»ներ եւ ակադեմականներ՝ Հայաստանէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն: Անոնք հանդէս պիտի գան շրջակայ միջավայրի, արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսութեան, քաղաքացիական հասարակութեան, փտածութիւն-ընտրութիւններ առնչութեան եւ օրէնքի գերակայութեան վերաբերեալ զեկոյցներով:
Ձեռնարկի բացման ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ «Փուլիցըր» մրցանակի դափնեկիր եւ ռազմական լրագրող Քրիս Հեճըս: Բացման օրը պիտի քննարկուին «օքիւփայ» (Occupy) շարժումը, արաբական յեղափոխութիւնները եւ անոնց առնչութիւնը Հայաստանին:
Զեկոյցներու եւ քննարկումներու առանձին հատուած նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստանի, Սուրիոյ
եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.