ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ Հալէպի հայաշատ թաղամասերուն մէջ իրավիճակը աւելի կայուն է: Ան յայտնած է, որ բարեբախտաբար մեծ տարողութեամբ բախումներ տեղի չեն ունեցած՝ աւելցնելով, որ կրակոցները եւս նուազած են, իսկ ծանր հրետանին արդէն չ՛օգտագործուիր։
«Հայկական դպրոցները տակաւին իրենց դռները չեն բացած, եթէ իրավիճակը չվատթարանայ, յառաջիկայ շաբաթ վերամուտ պիտի ըլլայ», նշած է Ռէյիսեան։ Անոր համաձայն, հայաշատ Նոր Գիւղի շրջանը զինուորականներու հսկողութեան տակ է:
Հալէպահայերու դիմատետրի էջէն տեղեկութիւն փոխանցուեցան այն մասին, որ Հալէպի մէջ համացանցը սկսած է գործելու։
Դամասկոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն մէկը «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ քաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ իրավիճակը բաւական հանգիստ է, երթեւեկը բնական է, բախումները կը շարունակուին միայն Դամասկոսի ծայրամասերը։
Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Սուրիոյ զինեալ ուժերը Թուրքիոյ սահմանին մօտակայքը գտնուող Թէլ Ապյատ շրջանին մէջ կանխած են զինուած խմբաւորումներու յարձակումը անմեղ քաղաքացիներուն վրայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.