ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Սեպտեմբեր 4ի առաւօտեան, Յովնան արք. Տէրտէրեան, մասնակցութեամբ Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ առաջնորդական փոխանորդ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանի, աղօթքով տարեշրջանի բացումը կատարեց Հոլիվուտի մէջ գտնուող ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանին: Աշակերտներն ալ մասնակցեցան «Հայր Մեր» աղօթքի արտասանութեամբ:
Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց վարժարանի նոր տնօրէնուհի՝ դոկտ. Մարալ Երանոսեանը եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Ապա քաջալերական խօսքեր ուղղեց աշակերտութեան, հոգաբարձութեան եւ ծնողներուն:
Սրբազանը, յիշելով վարժարանի հանգուցեալ բարերար Արշակ Տիգրանեանը, գնահատեց Տիգրանեան ընտանիքը եւ ողջունեց անոնց աղջիկներուն՝ Սինտի Նորեանի եւ Լորըլ Գարապեանի ներկայութիւնը:
Տնօրէնուհին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին, որ մօտէն կը հետաքրքրուէր դպրոցի կեանքով: Ապա ողջունեց աշակերտութիւնը եւ ծնողները ու յոյս յայտնեց, որ վարժարանը պիտի շարունակէ լաւագոյնս օգտակար հանդիսանալ հայ աշակերտներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.