Սուրիահայ գաղութը, Սուրիոյ դժուարին պայմաններուն մէջ ըլլալով հանդերձ, չզլացաւ կատարելու իր ազգային պարտականութիւնը: Յատուկ պատուիրակութեամբ մը ան իր բողոքը յայտնեց Հունգարիոյ դեսպանին հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեամբ Հունգարիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարոֆին իր հայրենիքին՝ Ատրպէյճանի մէջ ներում ստանալուն եւ հերոսի պատիւին արժանանալուն համար:
Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, Դամասկոսի համայնքապետերն ու կուսակցութեանց ներկայացուցիչները այցելեցին Դամասկոսի մէջ հաւատարմագրուած Հունգարիոյ Հանրապետութեան դեսպանութիւն:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Յովսէփ եպս. Առնաութեան, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Սուրիոյ հարաւային շրջանի Վարիչ մարմինի փոխատենապետ տոքթ. Վազգէն Համալեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Դամասկոսի շրջանակի ատենապետ Գէորգ Կէօնճեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ միութեան ատենապետ Սարգիս Քէշիշեան եւ Ազգ. Քաղաքական ժողովի (Թեմական խորհուրդ) փոխատենապետ Աւօ Ոսկեան:
Պատուիրակութիւնը ընդունեց Սուրիոյ մէջ Հունգարիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Եանոշ Պուտայ: Յովսէփ եւ Արմաշ սրբազան հայրերը յանուն ներկաներուն եւ սուրիահայութեան իրենց բողոքն ու ցասումը յայտնեցին Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութեանց միջեւ կատարուած գործարքին համար:
Դեսպան Եանոշ Պուտայ իր հերթին ներկայացուց Հունգարիոյ պետութէան դիրքորոշումը այդ մասին:
Արմաշ սրբազան ներկաներուն անունով դեսպանին յանձնեց Հունգարիոյ Հանրապաետութեան նախագահ Եանոշ Ատերի ուղղուած նամակը, որուն մէջ կը պահանջուէր Եւրոպական Միութէան պետութէան մը յարիր կեցուածք
եւ դատապարտում Ատրպէյճանի կողմէ անմարդկային եւ հակահայկական քաղաքականութէան նկատմամբ: