– Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոմիութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կունթըր Օթինկերի հետ Սեպտեմբեր 4ին քննած է ուժանիւթի մարզին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր, մասնաւորաբար՝ «կազի հարաւային միջանցք» նախագիծը, որուն նպատակն է դէպի Եւրոպա վառելանիւթի առաքման ուղիները բազմացնել եւ ռուսական կազէն եւրոպացի սպառողներու կախուածութիւնը նուազեցնել:
– Եուրօ գործածող 17 երկիրներու գօտիին մէջ անգործութեան համեմատութիւնը կը շարունակէ բարձր մնալ: Ըստ նորագոյն տուեալներուն, Յուլիս ամսուան ընթացքին նշեալ երկիրներու անգործութեան ընդհանուր համեմատութիւնը 11.3 տոկոս (մօտաւրապէս 18 միլիոն հոգի) եղած է, ինչ որ 1.2 տոկոս աւելի է քան տարի մը առաջ արձանագրուած համեմատութիւնը եւ ամենաբարձրն է եուրոյի որդեգրումէն ի վեր:
– Իրան Սեպտեմբեր 4ին ազատ արձակած է ատրպէյճանցի երկու «բանաստեղծներ», որոնք Մայիս 2ին ձերբակալուած էին Իրանի մէջ, լրտեսութեան ամբաստանութեամբ: Պաքու ամիսներէ ի վեր կը պահանջէր անոնց ազատ արձակումը: