
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «Արմէնփրէս».- «Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոշ Մարթոնի յայտնած է, որ իր երկիրը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Զուիցերիոյ առաջարկը ընդունած է։
Մեկնաբանելով Հունգարիայէն արտայանձնուած Ռամիլ Սաֆարովին Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ ներում շնորհուիլը՝ ան նշած է, որ «անընդունելի է եւ պէտք է դատապարտուի» Ատրպէյճանի կողմէ տրուած խոստումը խախտելը։
«Politics.hu» հունգարական կայքէջը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Մարթոնի նշած է, թէ Հունգարիա կը դատապարտէ 2004ին Պուտափեշտի մէջ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը քնացած վիճակի մէջ կացինահարած ատրպէյճանցի սպայ Սաֆարովի ներում շնորհելու մասին նախագահ Ալիեւի տուած որոշումը։
«Ատրպէյճանական կողմի արարքները անընդունելի են եւ պէտք է դատապարտուին։ Ատրպէյճան խախտած է իր խոստումը եւ ներում շնորհած Սաֆարովին, հակառակ նախապէս ներկայացուած երաշխիքներուն, թէ ան Պաքուի մէջ պիտի շարունակէ իր պատիժը կրել», յայտարարած է Մարթոնի։
Ան նաեւ յայտնած է, որ Զուիցերիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարը առաջարկած է կարգաւորել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ «Զուիցերիան միշտ չէզոք երկիր եղած է, որ այս պահուս կրնայ մեզի օգնել՝ կարգաւորելու համար Հայաստանի հետ լարուած յարաբերութիւնները։ Հունգարիան անպայման պէտք է օգտուի ատկէ։ Ամէն պարագայի, Հունգարիան գործած է միջազգային արժեչափերու համապատասխան եւ այդ որոշումին համար ոչ մէկ տնտեսական ենթահող չէ եղած։ Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ հայերը հասկնան, թէ Հունգարիան միշտ ալ զիրենք իբրեւ բարեկամ ընկալած է», նշած է Մարթոնի։
Մեկնաբանելով հունգարական կողմի այս յայտարարութիւնը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան «Արմէնփրէս»ին նշած է, որ Հայաստան չի կարծեր, թէ Հունգարիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար միջնորդութեան կարիք կայ. «Այստեղ միջնորդութեան կարիք չկայ, անհրաժեշտ են յստակ քայլեր՝ հունգարական իշխանութիւնների կողմից»: