
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդունած է «Ինթէլ» ընկերութեան տարածաշրջանային տնօրէն Քրիսթիան Մորալեսը: «Ինթէլ»ի համար Հայաստանում կան բուռն գործունէութիւն ծաւալելու լաւ նախապայմաններ եւ մենք պատրաստ ենք երկկողմ համագործակցութեանը», յայտնած է վարչապետը:
Քրիսթիան Մորալես բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառի զարգացման տարողութիւնը եւ նշած, որ «Ինթէլ»ը մեծապէս հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծիրի ընդարձակումով։
Այնուհետեւ զրուցակիցները անդրադարձած են «Ինթէլ»ի կողմէ Հայաստանի մէջ հետազօտական կեդրոն հիմնելու աշխատանքներու ընթացքին: Այդ նպատակով արդէն իսկ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ՝ նախաձեռնութեան ընդհանուր հայեցակարգային մօտեցումներու մշակման, անհրաժեշտ ներդրումներու ծաւալի կանխորոշման, կողմերու իւրաքանչիւրին մասնակցութեան ձեւաչափի յստակացման նպատակով:
Կողմերը քննարկած են նաեւ 14-15 Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ կայանալիք Հայաստանի բարձր արհեստագիտութեան 5րդ տարեկան «Արմթէք Քոնկրէս-12»ի ծիրին մէջ համագործակցութեան յուշագիրի մշակման եւ ստորագրման նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր: