ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ես չեմ ուզեր ձեզի հետ գործ ունենալ. վե՛րջ»: Հովանաւոր փնտռող «Ասպարէզ»ի պաշտօնեային այսպիսի վճռական խօսք փոխանցած էր մեր բարեկամներէն մէկը:
Այսպիսի վճիռ չէր կրնար անտարբեր ձգել խմբագրութիւնը: Կապուեցանք խնդրոյ առարկայ անձին հետ: Մարդը իրաւունք ունէր: Տարիներու բաժանորդ է ու թերթին իր օժանդակութիւնը չէ զլացած պարբերական նուիրատուութիւններով: Վիրաւորուած է, որովհետեւ թերթի խմբագրութեան կողմէ անտարբերութիւն նկատած է իր եւ իր ընտանիքին հանդէպ: Անտարբերութիւն ըսելով՝ յստակացուց, որ երբ ինք կամ իր ընտանիքին մէկ անդամը ունեցած է յաջողութիւններ, որոնք գնահատուած են իրենց շրջապատին մէջ, օտար թերթեր անդրադարձած են անոնց, մինչ «Ասպարէզ»ը արժանի չէ գտած «տող մ՛իսկ գրել» անոնց մասին:
«Կը ներէք» ըսինք մեր նեղացած բարեկամին: Մեր վրիպումն է, աւելի ճիշդը՝ մեր կարելիութիւններուն սահմանափակութեան հետեւանք է պատահածը: Մենք ուղղակի հնարաւորութիւն չունինք տեղեակ ըլլալու մեր համայնքին բոլոր իրադարձութիւններէն, անհատական յաջողութիւններէն, որոնց անդրադառնալը մեզի համար ոչ միայն պարտականութիւն կը նկատենք, այլ նաեւ հաճելի աշխատանք:
Եթէ հետեւած էք թերթի էջերուն, «Ասպարէզ» յաճախ կ՛անդրադառնայ յաջողած ձեռնարկատէրերու, մրցանակներ ստացած երիտասարդ կամ տարեց հայորդիներու: Այո՛, պարզապէս որովհետեւ անկարող ենք բոլորին անդրադառնալ. կրնայ այն տպաւորութիւնը ստեղծուիլ, թէ որոշ նախապատուութիւններ ունինք կամ նախապաշարումներ այս կամ այն անձին հանդէպ: Նման բան չկայ, չի կրնար ըլլալ: Իւրաքանչիւր հայու յաջողութեամբ մենք կը հրճուինք եւ այդ յաջողութեան մասին կ՛ուզենք, որ աշխարհը իմանայ:
Մեր բարեկամին ըսինք. «Ուրեմն եկէ՛ք ու վերատեսութեան ենթարկեցէ՛ք ձեր վճիռը եւ մնացէ՛ք մեզի բարեկամ ու հովանաւոր: Պարզապէս օգնեցէ՛ք մեզի՝ տեղեակ պահելով ձեր արձանագրած նուաճումներուն մասին:
Նաեւ մի՛ սպասէք, եթէ նեղուած էք, կապուեցէ՛ք խմբագրութեան եւ ուղղակի փոխանցեցէ՛ք ձեր դժգոհութիւնները, ձեր ակնկալութիւնները, ձեր յուսախաբութիւնները, բայց ո՛չ ձեր վերջնական վճիռները»: