
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ներկայ դրութեամբ Սեւանայ լիճի ջուրի մակարդակը կը կազմէ 1936 սմ. եւ բնապահպանութեան նախարարութեան կողմէ կը նախատեսուի յառաջիկային ջուրի մակարդակը բարձրացնել՝ հասցնելով 1939.5 սմ.ի: Այս մասին 22 Օգոստոսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է բնապահպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ, հանրային լողափերու պատասխանատու Աշոտ Աւալեան:
Անոր համաձայն, Սեւանի ամբողջ ափամերձ տարածքը 144 հազար հեքթար է, անոր մօտաւորապէս 22 հազարը լողալու յատուկ տարածքն է, 4300 հեքթարը յատկացուած է հանգիստի համար:
Աշոտ Աւալեան ընդգծած է նաեւ, որ 2008 թուականէն կառավարութեան կողմէ որոշում տրուած է, որ թէ՛ հանրային, թէ՛ սեփական լողափներուն սեփականատէրերը իրաւունք ունին իրենց վարձած տարածքին 80 տոկոսին մէջ ընել այն, ինչ որ իրենք նպատակայարմար կը գտնեն: