
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Կլենտէյլ Նիուզ Փրես» կը հաղորդէ, թէ Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանը անարդարանալի նկատած է Կլենտէյլի մէջ գործող հայկական «Սքալըրզ աքատեմիք ֆաունտէյշըն» վարժարանը փակելու վճիռը, որ քաղաքին պաշտօնատարներու կողմէ արձակուած էր 2010ին, հիմնուած սխալ վկայութեան վրայ:
Դատաւոր Տէյվիտ Միլթըն վճռած է, թէ Կենտէյլի քաղաքի պաշտօնատարները յաւելեալ ծախսեր պարտադրելով եւ ապօրինի միջոցներով այլ ճնշումներու դիմելով՝ պարտադրած են վարժարանին փակումը: Այս պատճառով, դատաւորը վճռած է 135,000 տոլարի վնասուց հատուցում տրամադրել վարժարանին:
Կլենտէյլ քաղաքի դատախազը՝ Մայք Կարսիա, Չորեքշաբթի, Յուլիս 25ին «ցնցիչ» որակած է դատաւորին այս վճիռը, սակայն չէ ըսած, թէ ինչ պիտի ըլլայ քաղաքին կողմէ առնուելիք յաջորդ քայլը:
Հարցը սկսած էր, երբ վարաժարը 2010ի Յունուարին նոր վայր մը փոխադրուած էր, առանց ամբողջացնելու նոր կառոյցը իբրեւ վարժարան գործածելու բոլոր արտօնագիրները: Ըստ տնօրէնուհի Անահիտ Գրիգորեանին, քաղաքի պաշտօնատարներէն Էտիթ Ֆուենթեզ իրենց ըսած է, թէ կարելի է վարժարանը բանալ, մինչ արտօնագիրները ապահովելու աշխատանքը կը շարունակուի, ինչ որ սխալ խրատ մը դուրս եկած է, որովհետեւ մինչ այդ աշխատանքները տեղի կ՛ունենային, Փետրուար 2010ին վարժարանը անակնակօրէն այցելած քննիչները նկատած են, թէ վարժարանը հրդեհի մը պարագային արագօրէն պարպելու յարմարութիւնները չունի եւ այդ պատճառով շէնքը «անբնակելի» պիտակած են:
Դատաւոր Միլթընի համաձայն այս պիտակը անարդարանալի է, որովհետեւ «փաստերով չէ հաստատուած»: Իր կարգին, քննիչ Ճեֆրի Հալփըրթ ըսած է, թէ իր որակումը կատարած է Կլենտէյլի քաղաքապետութեան ցուցմունքներով, ինչ որ իրականութեան չհամապատասխանող պն-դում մը նկատուած է դատախազ Կարսիայի կողմէ:
Քաղաքապետ Ֆրենք Քուենթերօ եւս Չորեքշաբթի օր հերքած է քննիչ Հալփըրթին պնդումը:
Վարժարանը փոխադրուած է Լոս Անճելըս, սակայն ներկայիս միայն 25 աշակերտներ ունի, նախկին 300ին փոխարէն:
Վարժարանի փաստաբանը՝ Ռիչըրտ Ֆոսթըր, ողջունեց ատեանին որոշումը, իսկ վարժարնը որոշած է դատաւորին դիմել, որպէսզի վնասուց հատցուման գումարին վրայ աւելցուին նաեւ փաստաբանին ծախսերը: