Որքա՜ն արդարօրէն աւանդուած է մեզի, թէ «Ամէն բանի համար ժամանակ մը կայ», ինչպէս՝ ցանելու, կամ հասուն բերքը հնձելու։ Արդարեւ, Հայ դպրոցին մշտանորոգ աշխատանքը կը սկսի Սեպտեմբերին՝ գիտութիւն, կրթութիւն «ցանելու» համար իր հոգածութեան յանձնուած մատղաշ մանուկներու միտքին ու սիրտին մէջ, եւ վերջ կը գտնէ Յունիսին, երբ անոնցմէ փունջ մը «կը հնձէ»։
Այս Յունիսին «Մերտինեան» վարժարանը իր հունձքը կատարեց երկու հանգրուանով. Յունիս 15ին տեղի ունեցաւ վարժարանի Ծաղիկ դասարանի տարեվերջի հանդէսը, որուն ընթացքին մանկապարտէզէն շրջանաւարտ եղան 16 աշակերտներ։ Հանդէսի բացման եւ օրհնութեան աղօթքները կատարեց վեր. Ճէյսըն Մաթոսեան։ Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան բոլոր շրջանաւարտները՝ արտասանելով, երգելով, պատկեր մը ներկայացնելով եւ պարելով։ Տնօրէնուհի Լինա Արսլանեան տուաւ իր պատգամը, ապա 16 աշակերտները ստացան իրենց առաջին վկայականները։ Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։
Յունիս 23ին տեղի ունեցաւ «Մերտինեան» վարժարանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի զոյգ բաժիններուն վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ մեծ թիւով ծնողներու։ Շրջանաւարտներու սրահ մուտքը դիմաւորուեցաւ ծափողջոյններով։ Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներու կատարողութենէն ետք, հանդէսի բացման աղօթքը կատարեց վեր. Ռոն Թովմասեանը։
Յայտագիրի Ա. մասին մէջ նախ Ե. եւ Ը. կարգերու շրջանաւարտ աշակերտները խմբովին արտասանեցին երկու քերթուածներ, անգլերէն լեզուով՝ «Our Graduation»ը, իսկ հայերէնով՝ Դանիէլ Վարուժանի «Հայր, Օրհնէ՛»։ Ապա, Ե. Կարգի աշակերտները բարձրացան բեմ: Նանօր Պետրոսեան՝ հայերէնով եւ Նիքըլըս Յարութիւնեան՝ անգլերէնով, կարդացին իրենց ուղերձները, որմէ ետք ստացան վկայականներն ու նիւթական մրցանակները։
Հոգաբարձութեան կազմի անունով խօսք առաւ ատենապետ դոկտ. Վահէ Նալպանտեանը, որ ջերմօրէն ներկաները ողջունեց բարի գալուստի խօսքերով, շնորհաւորեց ծնողներն ու շրջանաւարտները՝ անոնց թելադրելով սիրել աշխատանքը եւ հետեւիլ իրենց նախորդներու գծած ուղիին։
Ուրախալի պահ մը յաջորդեց ատենապետի խօսքին, երբ ՀԲԸՄի «Պապայեան» Մանկավարժական հիմնարկի տնօրէնուհի դոկտ. Սիլվա Գարայեան բեմ բարձրանալով՝ գնահատագիր մը եւ 500 տոլարի նիւթական պարգեւատրում կատարեց վարժարանիս, որպէս «2012 տարուան ամէնէն կենսունակ եւ բազմարդիւն հայկական բաժանմունքը» ունեցող հաստատութիւնը։
Վարժարանի երգչախումբը՝ առաջնորդութեամբ Վիքթորիա Աբրահամեան-Էլիասիի, ներկաներուն հրամցուց հոգեւոր եւ հայկական երգերու փունջ մը։
Օրուան գլխաւոր պատգամախօսն էր վեր. Ռոն Թովմասեան. ան իր հաղորդական ոճով ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ պահուած ունի կարողութիւններ, զորս պիտի կարենայ յայտնաբերել միայն հետեւելով իր մեծերուն կողմէ իրեն տրուած ցուցմունքներուն, գիտութեան. այդ մեծերը ձեր ծնողներն են, ուսուցիչները, առաջնորդները։ Յիշեցէ՛ք մանաւանդ, որ իմաստութիւնը ամէն բան գիտնալու մէջ չի կայանար, այլ՝ գիտակցելուն, թէ ամէն բան չես գիտեր»։
Ը. Կարգի աշակերտներուն հերթն էր վերջապէս բեմ բարձրանալու։ Վիքթըր Տարագճեան՝ հայերէնով եւ Յարութ Նազարեան՝ անգլերէնով, կարդացին իրենց ուղերձները. Նարեկ Աթտօկէնեան տնօրէնին միջոցով դպրոցին նուիրեց աւանդութիւն դարձած յուշանուէր մը, որ կը ներկայացնէ Ը. կարգի վերջին տարուան կեանքը պատկերող նկարներու հաւաքածոյ մը։ Վերջապէս անոնք ստացան իրենց վկայականները, գնահատագիրները եւ նիւթական մրցանակները։
Ուսումնական եւ վարք ու բարքի գնահատագիրներուն վրայ, այս տարի աւելցաւ նոր մը՝ տրուած թէ՛ շրջանաւարտներուն եւ թէ վարժարանին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Պապ Պլումընֆիլտի կողմէ, առ ի երախտագիտութիւն անոնց բերած նպաստին՝ կարիքաւոր քաղաքացիներու համար տուփեղէններ հաւաքելու ծրագիրի յաջողութեան մէջ։ Գնահատագիրները յանձնեց վարժարանիս նախկին աշակերտներէն եւ «Մերտինեան»ի հայանպաստ առաքելութեան հաւատացող Կրեկ Մարթայեանը։
Ապա խօսք առաւ վարժարանիս կենսունակ տնօրէնուհին Լինա Արսլանեանը։ Ան նախ մատնանշեց «Մերտինեան»ի իրագործումներն ու յաջողութիւնները անցնող տարեշրջանի ընթացքին, յիշեց 30ամեակի տօնակատարութիւնները եւ աշակերտներու զանազան նուաճումները։ Ան իր խորազգաց շնորհակալութիւնները յայտնեց հանդէսը պատրաստողներուն, ուսուցչակազմին, գրասենեակի պաշտօնէութեան, իրեն եւ վարժարանին նեցուկ կանգնող բոլոր անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, եւ խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով՝ եզրափակեց. «Սիրելի շրջանաւարտնե՛ր, մի՛ վհատիք անյաջողութիւններէ, յիշեցէ՛ք, որ անոնք գերագոյն առիթներն են վեր բարձրանալու եւ յաջողելու. եղէ՛ք համբերող, բայց յարատեւող. կատարեցէ՛ք ձեր լաւագոյնը: Բարին, ճշմարիտը եւ գեղեցիկը ըրէ՛ք ձեր կեանքին ուղեկից. յարգանք ունեցէ՛ք ձեր շուրջիններուն հանդէպ. մի՛ մոռնաք ձեր լեզուն, պատմութիւնը, հաւատքը եւ մանաւանդ՝ ձեր երկրորդ տունը՝ «Մերտինեան»ը: Բարի երթ բոլորիդ»։
Հանդիսութիւնը վըրջ գտաւ վեր. Ռոն Թովմասեանի օրհնութեան աղօթքով։ Սակայն ներկաներուն ուրախութիւնը շարունակուեցաւ «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ, ճաշկերոյթ-խրախճանքի մը ընթացքին։
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)