ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Աշխարհի տարբեր երկիրներէ դիտորդական առաքելութիւն կատարելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուին 81 միջազգային դէտեր, որոնք հետեւեցան նախագահական ընտրութիւններուն, իսկ անոնցմէ ոմանք լրագրողներու հետ ունեցած իրենց զրոյցներուն ընթացքին փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները։
Սովորական քաղաքացիներու կուսակցութեան առաջնորդ, «Սթափ իսլամիզէյշըն աֆ Եուրոփ» միջազգային կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ, Պուլկարիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Փաւել Չերնեւ դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին նոյնիսկ ամէնէն փոքր գիւղերուն մէջ ընտրակեդրոնները յագեցած են համապատասխան պարագաներով եւ պայմաններով: «Ինչպէս հիւսիսի, այնպէս ալ հարաւի մէջ նախընտրական քարոզարշաւը հանգիստ կ՛ընթանայ: Ունիմ այն տպաւորութիւնը, որ ընտրութիւնները մաքուր եւ թափանցիկ են», նշած է ան:
Աւստրիացի դէտ, «Միութիւն յանուն Աւստրիոյ ապագայի» կուսակցութեան միջազգային հարցերու բաժանմունքի համակարգող Ալեքսանտր Շտելզլը, իր կարգին յայտնեց, որ տեղւոյն բնակիչները չեն կասկածիր ընտրութիւններուն արդար ըլլալուն վրայ, ինչ որ օրինականութիւն կու տայ իշխանութիւններուն եւ անոնց տալիք որոշումներուն։
Կիպրոսի դէտ Եանիս Խարալամփիտիս ըսաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւնները տեղի ունեցան պատշաճ մակարդակի վրայ: Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ աճի դրական յառաջընթաց կը նկատուի, իսկ այս ընտրութիւնները այդ երեւոյթին լաւագոյն վկայութիւնն են։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարութիւնը կը զարգանայ։ Պէտք է շարունակել այս գծով տարուող բարեփոխման աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի էական արդիւնքներու հասնիլ», նշեց ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ինչպէ՞ս կը վերաբերի ատրպէյճանական այն յայտարարութիւններուն նկատմամբ, թէ Ղարաբաղ այցելող եւ ընտրութիւններուն հետեւող միջազգային գործիչները իր «սեւ ցանկ»ին վրայ են, կիպրացի դէտը յայտնեց, որ այդ հարցը ոչ մէկ իմաստ ունի իրեն համար։