Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Յաճախ կը մտածենք ինչպէս կարելի է երեխաներուն մօտ ընթերցանութեան վարժութիւնը արթնցնել, քաջալերել կամ զարգացնել: Կան զանազան միջոցներ, ձեւեր եւ մօտեցումներ, որոնք փաստած են, թէ կարելի է ձեւեր որոնել կամ որդեգրել՝ քաջալերելու համար այս յոյժ կարեւոր սովորութիւնը, որ իրենց համար կեանքի նշանակութիւն ունեցող բարի վարժութիւն մը պիտի ըլլայ եւ առաւել պիտի ծառայէ իբրեւ լաւագոյն բանալի՝ յարատեւ զարգանալու եւ յառաջանալու համար:
Ստորեւ ցոյց պիտի տանք կարգ մը միջոցներ՝ երեխաներու մօտ ընթերցանութեան վարժութիւնը զարգացնելու համար.
– Ձեր երեխաներուն փափաքներուն ու իղձերուն ընդառաջեցէք: Պայման չէ ընդունուած բառեր միայն գործածել տալ երեխային անպայման: Կարելի է անոր նախասիրած բառապաշարը օգտագործել հաճելի ժամանցներու ընթացքին, քան թէ զինք չհետաքրքրող սակայն յաճախ գործածուող բառերով անոր միտքը խճողել եւ անհաճոյ վիճակ ստեղծել: Երեխային համար հետաքրքրական թեմաները թո՛ղ ըլլան իր գիրքերուն նիւթերը, որպէսզի հաճոյքով կարդայ եւ աւելի ուրախութեամբ սորվի: Այսպիսով՝ ոչ միայն սէր պիտի յառաջանայ ընթերցանութեան նկատմամբ, այլեւ իրենց ամբողջ կեանքին ընթաքին սիրով ու խանդավառութեամբ սորվողներ պիտի դառնան:
– Մի ստիպէ՛ք: Երեխաները շատ տարբեր ունակութիւններ ունին կարդալու հետ առնչուած: Կրնայ ըլլալ մէկը սկսի կարդալու երեք տարեկանին, ուրիշ մը՝ եօթը տարեկանին: Այս մէկը բացարձակապէս չի նաշանկեր, թէ մէկը լաւ ու փայլուն աշակերտ պիտի ըլլայ, իսկ միւսը՝ ոչ: Պարզապէս ուղեղին որոշ մասերը տակաւին զարգացման ընթացքի մէջ են: Երեխայ մը ընթերցանութեան սկսելու համար, անոր ուղեղին տարբեր մասերը կը մասնակցին այդ գործողութեան, ինչպէս՝ լսելու, տեսնելու եւ մինչեւ անգամ համբերութիւն եւ կեդրոնացում ունենալու գործողութիւններուն: Ուղեղին մէջ այս բաժիններուն լուրջ հաղորդակցութիւնը կը կայանայ 4-7 տարեկանին միջեւ: Անկէ առաջ կարդալու պարագան աւելի շատ տառապանք է՝ քան աշխատանք: Լաւագոյն բանը, որ կարելի է կատարել՝ հետեւիլ երեխային կարդալու պատրաստակամութեան: Այդ նշաններէն կարելի է յիշել երեխային կարգ մը բառեր ճանչնալը՝ նկարներուն հետեւելով: Երեխան երբ իր անունը սկսի գրելու յստակօրէն, ատիկա եւս նշան մը կը համարուի կարդալու անոր պատրաստ ըլլալուն: Նաեւ պիտի նկատէք, թէ երեխան սկսած է իր նախասիրած գիրքերը ունենալու: Զգուշացէք արագօրէն երեխան ընթերցանութեան մղելու ընթացքէն, որովհետեւ անիկա շատ կը հիասթափեցնէ երեխան ու հակառակ ազդեցութիւն կու տայ:
– Թոյլ տուէք որ ձեր երեխան ձեզ տեսնէ կարդալու վիճակի մէջ: Լաւագոյն վիճակը, որ կրնայ վարակիչ դառնալ ձեր երեխային համար՝ ձեզ տեսնելն է ընթերցանութեան պահուն: Ձեր ընթերցանութեան ժամերը որոշ ու յստակ թող ըլլան, եւ դուք, ձեր կարգին, ձեր երեխային համար լաւագոյն օրինակը պիտի հանդիսանաք: Մի զոհէք այդ ժամերը. ճիշդ է որ գործերը եւ զբաղուածութիւնը շատ բան կը նշանակեն, սակայն այդ մէկը նախ ձեր արդար իրաւունքն է եւ ապա՝ դաստիարակելու ամէնէն հեշտ, անուղղակի եւ ազդեցիկ միջոցը, զոր ծնողք մը կրնայ օգտագործել: Այս պարագային նաեւ ուսում շարունակող ծնողները քիչ մը աւելի չափահաս երեխաներուն համար յարատեւ ուսանելու, միշտ ուսումնատենչ եւ հետեւողական մնալու պատգամը կը փոխանցեն՝ անուղղակի կերպով: Դաստիարակութեան լաւագոյն ձեւը կը համարուի, անշուշտ, անուղղակի դաստիարակութիւնը: Երեկոյեան բազմոցին վրայ երկարած՝ կարդացէք նախասիրած գիրք մը կամ պարբերական մը: Թող երեխան զգայ եւ տեսնէ, թէ դուք կարդալով հաճոյք կը ստանաք:
Դժբախտաբար, ներկայիս կը նկատենք կարդալու համար տրուած նուէրներ կամ նոյնիսկ «կաշառք»ներ նախակրթական համակարգէն ներս: Ձրի ուտելիք կամ այլ վարձատրութիւններ, որոնք երեխան կը շեղեն երբեմն բուն նպատակէն՝ շեղելով անոր միտքը: Ուշադի՛ր եղէք . երեխան կարդալու համար պէտք չունի այս կամ այն պարգեւներուն: Վերջին ուսումնասիրութիւնները փաստած են, թէ այս կամ այն գործը ընելու համար երեխաներուն խոստացուած վարձատրութիւնները հետագային անոնց հետաքրքրութիւնն ու խանդավառութիւնը կը նուազեցնեն կեանքի տարրական աշխատանքներ կատարելու նկատմամբ: Փաստօրէն, խանդավառելու համար խոստացուած այդ նուէրը բոլորովին հակառակ ազդեցութիւն կու տայ: Երբ երեխային որեւէ բան կը խոստանաք ընթերցելու ի խնդիր, ինքնաբերաբար կը փոխանցէք այն պատգամը, թէ կարդալը անբաղձալի բան մըն է եւ այդ մէկը կատարելու համար հարկ է այլ հետաքրքրական բան խոստանալ: Մի՛ սխալիք, երբեմն անմեղունակ տգիտութեամբ շատ մեծ վնաս կրնաք պատճառել այն անձին, որուն շահին համար միայն կը գործէք միշտ: Փոխանակ խոստանալու, կամաց-կամաց այդ վարժութիւնը արմատացուցէք անոր մէջ:
– Յանգերու կրկնութիւնը: Մանկական հեքիաթներու կրկնողութիւնը ու յանգերու դասաւորումները շատ կարեւոր են գրականութիւն կարդացողին համար: Յանգերը, ծափերը, երգերը եւ պարերը շատ կարեւոր են երեխային օգնելու, որպէսզի ան կարենայ լաւ լսել եւ հասկնալ իր լսածը եւ մանաւանդ՝ յարաբերութիւնը բառին ու ձայնին միջեւ: Հետեւաբար, ձեր նախասիրած գիրքերը եւ բանաստեղծութիւնները կրկին կեանքի կոչեցէք ու վարժեցուցէք ձեր երեխաներուն: