
Կլենտէյլի մէջ, Հինգշաբթի, Յուլիս 5ին շուրջ 100 հայեր բողոքի ցոյց մը կազմակերպած էին Հայաստանի հիւպատոսարանին դիմաց, Երեւանի «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ բժիշկ Վահէ Աւետեանի սպանութեան առթիւ արդարութիւն պահանջելով: Այս մասին յայտնած է նաեւ «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս»ը:
Ցուցարարները պահանջած են, որ սպանութեան բոլոր մեղաւորները ստանան իրենց արժանի պատիժը: Անոնք նաեւ նշած են, որ նման մահացու ծեծկռտուքներ եզակի բնոյթ չեն կրեր Հայաստանի մէջ, սակայն Աւետեանի դէպքը իրօ՛ք աննախադէպ է, քանի որ վերջինս եղած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատող եւ պարզապէս՝ անմեղ զոհ:
«Այստեղ գալու մեր նպատակն է կոչ ուղղել ՀՀ կառավարութեան՝ պատժելու բոլոր մեղաւորները օրէնքի լրիւ խստութեամբ: Եթէ այսօր մենք չպայքարինք, վաղը այս ամէնը պիտի կրկնուի, իսկ մեզմէ ոչ ոք ապահովագրուած է նման դէպքերէ», ըսած է կլենտէյլաբնակ Գայիանէ Մանուկեանը:
Ցուցարարները հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանին ուզած են յանձնել ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը պահանջող նամակ մը, ուր նաեւ պահանջ կայ պատժելու նշեալ դէպքին մեղաւորները, սակայն շէնքին փակ ըլլալուն պատճառով, անոնք իրենց բողոքը արտայայտած են՝ դարպասներուն վրայ մահացողին լուսանկարները փակցնելով:
Յիշենք, որ Վահէ Աւետեանն ու անոր երկու ընկերները դաժան ծեծի ենթարկուած են Յունիս 17ին, «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ, որմէ 12 օր ետք, երկու երեխաներու հայր Աւետեանը մահացած է հիւանդանոցին մէջ: Անոնք ծեծի ենթարկուած էին ՀՀ Ֆութպոլի համադաշնութեան նախագահ, ԱԺ պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեանի անվտանգութեան աշխատակիցներուն կողմէ: