ՓԱՐԻԶ.- 22, 23 եւ 24 Յունիսին աւարտեցան ՀՅԴ Ա-րեւմտեան Եւրոպայի 75րդ Շրջանային ժողովի աշխատանքները՝ Ալֆորվիլի մէջ: Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի տարբեր շրջաններու պատգամաւորները, եռօրեայ ժողովին ընթացքին քննարկեցին կազմակերպական, քաղաքական, համայնքային ու համազգային հարցեր, ապա մշակեցին յառաջիկայ երկամեայ գործունէութեան Եւրոպայի մէջ կիրարկուող մարտավարութիւնը՝ հիմնուելով ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի ճշդած ռազմավարութեան վրայ:
Շրջանային ժողովը երկար քննարկեց եւրոպական կուսակցութեանց հետ յարաբերութեան հոլովոյթը, Հայաստանի քաղաքական, ընկերա-տնտեսական իրավիճակը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու թղթածրարը, Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան խնդիրը, Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութեան գործնական դրսեւորումը՝ Եւրոպայի ու յատկապէս Ֆրանսայի տարածքին, որուն լոյսին տակ լայնօրէն քննարկուեցան անգամ մը եւս Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման ու ժխտողականութեան քրէականացման օրէնքի անհրաժեշտութիւնը եւ անոր ձեռքբերման հրամայականը, ջաւախքահայութեան հիմնախնդիրները ու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հոլովոյթը:
Նկատի առնելով Եւրոպայի տարածքին ու յատկապէս Ֆրանսայի մէջ պետականօրէն վարուող Թուրքիոյ հակահայ յարձակողական քաղաքականութիւնը, Սփիւռքի ու յատկապէս ֆրանսահայ համայնքի ձեռք բերած քաղաքական թէ այլ յաջողութիւնները ամէն գնով նսեմացնելու յստակ ճիգը, ինչպէս նաեւ՝ թրքական համայնք յառաջացնելու ու այդ ճամբով Ֆրանսայի տարածքին հայկական կողմին «այլընտրանք» ստեղծելու Անգարայի ջանքերը՝ Շրջանային ժողովը միաձայնութեամբ որոշեց ամրապնդել հայկական միասնական դիրքերը, համախմբել ամբողջ հայ համայնքին ներուժը արտաքին այս վտանգին դէմ՝ հաստատելով, թէ միայն միասնականութիւնն է, որ պիտի ապահովէ Անգարայի կողմէ յայտարարուած այս պատերազմին դէմ մեր անվտանգութիւնը:
Շրջանային ժողովը իր աւարտին ընտրեց նոր Կեդրոնական կոմիտէ՝ հետեւեալ կազմով. Մուրատ Փափազեան, Հրաչ Վարժապետեան, Մարիէթ Կարապետեան, Մուրատ Արսլանեան, Անդօ Էքօ Նշանեան, Տիգրան Շահմիրեան, Յարութ Մարտիրոսեան, Ռուբէն Փափազեան, Յովսէփ Տէր Գէորգեան: