ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի հանրապետութեան նախագահական թեկնածու Վիտալի Բալասանեան արդէն իսկ սկսած է իր նախընտրական արշաւին՝ Արցախի պետական համալսարանէն: Անոր նախընտրական կազմակերպական մարմինին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Վիտալի Բալասանեանի ծրագիրի ա-ռաջնահերթութիւններն են՝ զարգացած կրթութիւն եւ գիտութիւն, օրինապահութիւն, Արցախի վերաբնակեցում, գիւղի զարգացում:
Վ. Բալասանեան Արցախի պետական համալսարանի ուսանողներուն ներկայացուցած է կրթութեան ու գիտութեան զարգացման առնչութեամբ իր ունեցած ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ պատասխանած է անոնց հարցումներուն: Այս ծիրին մէջ նկատի առնուած են Հայաստանի մէջ գործող «Պահանջում ենք գիտութեան ֆինանսաւորման աւելացում» խումբի անդամներուն առաջարկները:
Ոստիկանութեան ծառայողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին թեկնածուն նշած է, որ թէեւ ոստիկանները կը նկատուին համեմատաբար բարձր վարձատրութիւն ստացող անձեր, բայց եւ այնպէս պէտք է փաստել, որ աշխատավարձքը առանձինն բաւարար չէ բնական կեանք ունենալու եւ անիկա չի համապատասխաներ ոստիկանական ծառայութեան արկածախնդրական բնոյթին եւ կարեւորութեան։ Անդրադառնալով ղարաբաղեան կարգաւորման ու Ատրպէյճանի յարձակողական կեցուածքին, Բալասանեան նշած է, որ անտարբեր սկսած ենք ըլլալ արձանագրուած զոհերուն նկատմամբ. «Պէտք է վերանայել մարտական հերթապահութեան վարման ձեւը, լուրջ փոփոխութիւններ մտցնել այդ ծառայութիւնում, քանի որ կիրառուող մոդելը շատ շուտուանից իրեն չի արդարացնում», դիտել տուած է ան՝ աւելցնելով, որ պէտք է սահմանը ապահովել ժամանակակից ճարտարապետական կառոյցներով եւ նուազեցնել հայ զինուորները վտանգի ենթարկելու աստիճանը։
Այնուհետեւ նախագահի թեկնածուն հանդիպումներ ունեցած է Ուղտասար, Խրամորթ, Փառուխ, Արմէնակաւան, Նախիջեւանիկ, Վարդաձոր գիւղերու բնակիչներուն հետ: Վ. Բալասանեան ներկայացուցած է գիւղական ենթակառուցուածքներուն, գիւղատնտեսութեան, շրջաններու համաչափ զարգացման վերաբերող ծրագիրները. ան նաեւ պատասխանած է բնակիչներուն հարցումներուն։
21 Յունիսին հանդիպումները շարունակուած են Ստեփանակերտի տարբեր թաղամասերուն եւ հիմնարկներուն մէջ: