
ԼԱ ՎԸՐՆ.- 1985էն ի վեր Լա Վըրնի համալսարանին մէջ հաշուապահական զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած Աւօ Քէշիշեան, վերջերս համալսարանի փոխնախագահի օգնական եւ գանձապահ նշանակուած է՝ ստանձնելով համալսարանի ե-լեւմուտքի ծրագրումին ու համալսարանի ստացուածքը լաւագոյնս օգտագործելու կարելիութիւնները որոնելու պարտականութիւնները:
Յայտնենք, թէ նոյն համալսարանին մէջ, ընդհանուր արժեւորման հարցերով փոխնախագահի օգնականն է Յակոբ Տէր Կարապետեանը: