ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- Հայոց Ցեղասպանութեան ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 27 Ապրիլի երեկոյեան եւ կազմակերպութեամբ գաղութին մէջ գործող երիտասարդական միութիւններուն, տեղի ունեցաւ ջահերով երթ եւ բողոքի քայլարշաւ «Արդարութեան Համար» կարգախօսով:
Մոթեվիտէոյի պետական համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքի շէնքի մօտէն սկսած հարիւրաւոր երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ գաղութէն մեծ թիւով հայրենակիցներ ուղղուեցան քաղաքի գլխաւոր պողոտայ, հսկայ պաստարներով, եռագոյն դրօշներով եւ ջահերով: Պողոտայի մէկ բաժինը ամբողջութեամբ ոստիկանութեան կողմէ տրամադրուած էր խաղաղ բողոքի ցոյցին, մինչ բեռնատար ինքնաշարժէ մը որ կ՛ընկերանար երթին, կը ձայնասփռուէին ազգային-հայրենասիրական երգեր:
Երթի ընթացքին արշաւին միացան խորհրդարանի անդամներ եւ տեղացիներ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար: Ներկայ էր նաեւ գաղութի առաջնորդ սրբազան հայրը:
Յատուկ պատրաստուած ամպիոնէ մը, երիտասարդներու խօսքը փոխանցեց Խաւիէր Փօլատեան, երբ ջահերով երթը կանք առաւ Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետարանի շրջաբակը, ուր երիտասարդները եռագոյն ծուխ արձակող սարքով մը ողողեցին տարածքը: