ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ իրաւաբաններու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հինգշաբթի, Փետրուար 23ին, «Phoenicia» ճաշարանին մէջ կայացած ընթրիքի մը ընթացքին մեծարած է հայասէր քոնկրեսական Էտըմ Շիֆն ու Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, նախկին քաղաքապետ Ռաֆֆի Մանուկեանը, հայութեան ի նպաստ անոնց տարած գործունէութեան համար:
2001էն ի վեր Քոնկրեսին մէջ ծառայող Էտըմ Շիֆը միշտ նեցուկ կանգնած է հայութեան, եւ քանի մը առիթներով հեղինակած է եւ Ներկայացուցիչներու տան օրակարգին հասցուցած Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւեր՝ հակառակ Թուրքիոյ կողմէ բանեցուող շարունակական ճնշումներուն: Ան նախապէս եղած է Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ դաշնակցային դատախազութեան գրասենեակի դատախազ:
Ռաֆֆի Մանուկեան վկայեալ հանրային հաշուապահ մըն է (Սի.Փի.Էյ.), որ վերջին տասնամեակին եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, իսկ 2002-2003 ու 2005-2006 տարեշրջաններուն՝ քաղաքապետ: Ան նաեւ ատենապետը եղած է քաղաքի բնակարանային հարցերու եւ վերազարգացման մարմիններուն:
Հայ իրաւաբաններու միութեան նախագահ Էտվին Մինասեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ դրուատեց մեծարեալներուն իրագործումները, ապա Շիֆը ներկայացնելու համար բեմ հրաւիրեց իրաւաբան Ուոլթըր Քարապեանը:
Քարապեան, որ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ ու անոր մեծամասնութեան ղեկավարը եղած է, կատակախառն ոճով ներկայացուց մեծարեալը, որմէ ետք միութեան փոխնախագահ Կարօ Ղազարեանը ելոյթ մը ունեցաւ՝ խօսելով Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն առնչուող դաշնակցային 9րդ շրջանային վճռաբեկ ատեանի որոշումին մասին:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ միութեան գործադիր վարիչ Ժագլին Պոյաճեան՝ լուսարձակի տակ առնելով մեծարեալներուն հայանպաստ քայլերը:
Ձեռնարկի ընթացքին միութիւնը դրուատեց նաեւ Հայ Քոյրերու վարժարանի 7րդ եւ 8րդ կարգի աշակերտները, որոնք Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան նուիրուած մրցանքի մը ընթացքին, 36 դպրոցներու մէջ՝ առաջին 6 դպրոցներու շարքին դասուած էին:
Հաւաքին ներկայ էին նահանգային ու դաշնակցային մակարդակի իրաւական ու քաղաքական մարզի ղեկավարներ ու պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: