
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լրագրող Փիթըր Մըսըրլեան կը տեղեկացնէ, թէ Նեւատայի մէջ իր ընտրապայքարին նոր կեդրոնատեղիին բացումը կատարելէ միայն մէկ շաբաթ ետք, Ներկայացուցիչնեու տան ընտրութեանց թեկնածու Տենի Թարխանեան Ուրբաթ, Փետրուար 23ին, Կլենտէյլի մէջ դրամահաւաքի մը մասնակցած է՝ իր ընտրապայքարին ի նպաստ. դրամահաւաքին ներկայ եղած են մեծ թիւով ամերիկահայ քուէարկողներ:
Հաւաքը կազմակերպուած էր Հանրապետական հայերու ազգային կազմակերպութեան (NORA) կողմէ եւ տեղի ունեցած էր կազմակերպութեան վարչութեան անդամ՝ իրաւաբան Արմէն Մարթինի բնակարանին մէջ:
Թարխանեան շեշտած է Ներկայացուցիչներու տան մէջ ամերիկահայութեան ձայնը լսելի դարձնելու եւ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն համար պայքարող քոնկրեսականներ ունենալու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին, որ վերատեսութեան ենթարկէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական վէճ մը նկատելու իր կեցուածքը, եւ շեշտած է Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու կաեւորութիւնը: Ան նաեւ խոստացած է իր կարելին ընել Հայաստանի եւ Արցախի համար ամերիկեան յաւելեալ օժանդակութիւններ ապահովելու եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը պաշտպանելու համար:
Թարխանեան կը պայքարի տիրանալու համար Նեւատայի 4րդ ընտրատարածքի քոնկրեսական աթոռին, որուն նախնական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 12ին: