ԵՐԵՒԱՆ.– «Երեւան æուր» ընկերութեան գործունէութեան ցուցանիշները տարուէ տարի կը բարելաւուին: Յունուար 2012ի տուեալները համեմատելով նախորդ տարուան նոյն ժամանակամիջոցին հետ՝ ի յայտ կու գայ, որ Երեւանի մէջ ջրամատակարարման շարունակականութիւնը, որ կարեւորագոյն ցուցանիշներէն մէկն է, կազմած է 96,1 տոկոս: Մինչդեռ ընկերութիւնը Վարձակալութեան պայմանագիրով նախատեսուած 95 տոկոսին պէտք է հասնէր 2016ին:
Այս աննախադէպ ցուցանիշը արդիւնք է մէկ կողմէ ներքաղաքային բաշխիչ ցանցի վերակառուցման ու ջրամատակարարման համակարգի կառավարելիութեան աստիճանի բարձրացման, միւս կողմէ՝ ջուրի արդիւնաւէտ օգտագործման, կորուստներու նուազեցման եւ ապօրինութիւններու դէմ պայքարի: Այս բոլորին շնորհիւ, անցեալ տարիներուն համեմատած մօտ 37 միլիոն խորանարդ մեթրով նուազած է աղբիւրներէն ջուր հանելը, ինչպէս նաեւ 26 տոկոսով կրճատուած է ելեկտրականութեան ծախսը: Հակառակ անոր որ 2011ին մատուցուող ծառայութիւններուն սակերը նուազած են, ընկերութիւնը ոչ միայն յաջողութեամբ կը շարունակէ կատարել ստանձնած պարտաւորութիւնները, ներառեալ՝ ներդրումային, այլ նաեւ նախորդ տարուան արդիւնքներով դարձած է հանրապետութեան թիւով 39րդ մեծ հարկատուն՝ վճարուած հարկերու աւելի քան 1.9 միլիառ դրամ արժեչափով: Բացի ատկէ, Հայաստանի պետական պիւտճէ փոխանցուած է մօտ 476 միլիոն դրամ՝ իբրեւ վարձակալութեան ծախս: