
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 2012 տարին հազիւ բացուած՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանը լոյս ընծայեց բազմավաստակ դաստիարակ Կարօ Պետրոսեանի նորագոյն հատորը, որ կը կրէ «Հայեցի Կրթութիւն եւ Ճանապարհ» խորագիրը։
Այս նախաձեռնութիւնը գործնական ընդառաջում մըն է Արամ Ա. կաթողիկոսի պատգամին, որ 2012 տարին կը հռչակէ Հայ Գիրքի Տարի։ Այս հրատարակութիւնը նաեւ առաջինն է նախաձեռնութիւններու շարքի մը, որ պիտի նուիրուի Հայ գիրքին։
Հատորին կողքը գունաւոր ու գեղարուեստական գործ է, մէկ յօրինումը՝ ծանօթ արուեստագէտ Սիրուն Երէցեանի. ձեւաւորման մասնակցած է Հէրի Մեսրոպեան։ Հրատարակութիւնը իրականացած է «Հայ Գիր» հրատարակչատան հետ գործակցաբար։
Գիրքը կը բացուի թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի խօսքով: Առաջնորդ սրբազանը վեր կ՛առնէ այս ու նմանօրինակ հրատարակութիւններու օգուտները՝ մեր ժառանգութիւններն ու աւանդները նոր սերունդին ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին ծանօթացնելու իմաստով։ «Երեք Խօսք» խորագիրով հակիրճ բացատրական մը ունի հեղինակը, որ կ՛անդրադառնայ մեր տօներուն, մեր եկեղեցւոյ ու մշակոյթին, եւ բարեգործ միութեանց հետ մեր հասարակութեան կապին ու սիրոյն։
Հատորը ունի ներքին երեք բաժանմունքներ։ Առաջինին մէջ, հեղինակը 12 գլուխներու տակ բացատրութիւն կու տայ մեր ազգային, եկեղեցական ու համաշխարհային տօներու մասին, ինչպէս՝ Արցախի ու Հայաստանի վերաբերող տօներ, Ամանորի, Ս. Ծննդեան, Ս. Յարութեան, ապա նաեւ՝ Գոհաբանութեան, Ուսուցիչներու եւ Մայրերու տօները։ Իւրաքանչիւրին մասին տրուած են պատմական ծանօթութիւններ ու արժեւորում։

Երկրորդ բաժինը նուիրուած է հայկական երեք յարանուանութեանց՝ Առաքելական, Կաթողիկէ ու Աւետարանական եկեղեցիներուն. նմանապէս կը տրուին պատմական ծանօթութիւններ, գիտելիքներ՝ նուիրապետական Աթոռներուն մասին, վեր կ՛առնուին իւրաքանչիւրին նպաստը՝ մեր մշակոյթին ու ազգային իրագործումներուն։
Երրորդ ու վերջին բաժինը նուիրուած է հայկական մշակութային ու բարեսիրական միութիւններուն։ Հեղինակը լուսարձակի տակ առած է «Համազգային»ը, «Թէքէեան» ու «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնները, անոնց դերակատարութիւնն ու ներդրումը՝ մեր մշակոյթի ծանօթացման, պահպանման ու զարգացման մէջ։ Այս գլուխին տակ ներկայացուած են նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնն ու Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իրենց աշխատանքի տարողութեամբ ու դերակատարութեամբ։
Հատորի աւարտին, հեղինակը գիրքին բովանդակութեան մասին սեղմ բացատրական մը ունի անգլերէնով։ Հատորը կը փակուի օգտագործուած աղբիւրներու ցանկով։
Ինչպէս առաջնորդը գրած է իր «Օգտակար Հատոր մը՝ Հայեցի Կրթութեան Ոլորտին մէջ» խօսքին մէջ. «(հատորի) Էջերէն կ՛արտացոլան մեր հին ու ժամանակակից պատմութենէն արժէքներ, օգտաշատ գիտելիքներ՝ մեր յարանուանութեանց, մշակութային ու բարեսիրական միութեանց եւ անոնց ծառայութիւններուն մասին». հատոր մը՝ որ հաւասարապէս օգտակար է բոլորին, մասնաւորապէս՝ հայ դաստիարակին եւ ուսանողութեան։ «Հայեցի Կրթութիւն եւ Ճանապարհ» խորագրուած այս հատորը ոչ միայն «վերաքաղ»ի առիթ է, այլեւ մեր հաւաքական կեանքի իրականութեանց մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցող պատուհան, նաեւ բաց հրաւէր՝ մասնակից ըլլալու հայ հասարակական կեանքին»։
Այս հրատարակութիւնը արժանի է ոչ միայն մեր ընթերցասէր հասարակութեան, այլ մանաւանդ նոր սերունդներուն ու դաստիարակներուն ուշադրութեան, որովհետեւ կը կազմէ աննիւթական կամուրջ մը՝ մեր ազգային աւանդներուն ու ապրող պատմութեան հետ։