ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատով Չորեքշաբթի, Փետրուար 1ին յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հոլովոյթէն հեռացնելու համար իրաւական ո՛չ մէկ հիմք կամ միջոց ունի:
Ըստ լրատու գործակալութեան, Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած նիստին ընթացքին, պատգամաւորներէն մէկը առաջարկած է Ֆրանսան ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու շարքէն հեռացնել։ Ասատով, այդ առաջարկին պատասխանելով՝ ըսած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրէնքը վաւերացնելէ ետք, Ֆրանսա կորսնցուցած է համանախագահ ըլլալու բարոյական իրաւունքը, սակայն ոչ՝ իրաւական իրաւունքը։