ԹԵՀՐԱՆ.- Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբերին, կազմակերպութեամբ Թեհրանի Զէյթուն քաղաքամասի Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան սկաուտական բաժանմունքի «Հայդուկ» խումբին, ինչպէս նաեւ մարզական մարմինի եւ քաղաքամասի «Արարատ», «Շանթ» ու «Մարիամեան» դպրոցներու ծնողական խորհուրդներու, նոյն միութեան «Սուքերեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միութեան հիմնադրութեան եւ գործունէութեան 30ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, որուն նպատակն էր քաղաքամասի հայ բնակիչներու եւ դպրոցականներու շրջանակէն ներս տօնել «Նայիրի» միութեան 30ամեակը:
Ծրագիրը սկսաւ Սիփան Մկրտումեանի բացման խօսքով, որմէ ետք տեղի ունեցան մարզական տարբեր խաղեր, մրցոյթներ ու նկարչութեան մրցում, որոնց մէջ առաջնութիւն շահողները պարգեւատրուեցան: Զէյթուն քաղաքամասի հայ ախոյեան մարզիկները յուշանուէրներ ստացան: