
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին յայտարարութիւնը, ըստ որուն՝ Թուրքիոյ ղեկավարները ուշ կամ կանուխ պիտի այցելեն Ցեղասպանութեան յուշարձան ու պիտի խոնարհին 1915ի զոհերու յիշատակին առջեւ, կը շարունակէ պատճառ հանդիսանալ Թուրքիոյ զանազան քաղաքագէտներու բուռն հակազդեցութիւններուն։
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, Սարգսեանի խօսքերուն գրաւոր երկարաշունչ հաղորդագրութեամբ մը ծանր պատասխան տուաւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելին, ըսելով, որ Սարգսեան «իր մոյկէն վեր ելաւ»։
Ան Սարգսեանն ու Հայաստանը «կարգի հրաւիրեց»՝ ըսելով. «Եթէ Հայաստան քիչ մը արժանապատուութիւն ու պատիւ ունի, ապա նախքան Ցեղասպանութեան սուտը՝ պէտք է ներողութիւն խնդրէ Ատրպէյճանի հողամասերուն վրայ ու Խոճալուի մէջ գործադրուած սպանդներուն եւ մեր հայրենիքին մէջ գործուած ոճիրներուն համար. պէտք է զղջում յայտնէ մեր հողամասերուն վրայ ունեցած իր ցանկութիւններուն ու ըրած հաշիւներուն համար, ու պէտք է հրաժարի անոնցմէ»։
«Թուրք ժողովուրդին ծոցէն ելած ոչ մէկ քաղաքագէտ կամ առաջնորդ պիտի ընդունի այսքա՛ն ստորնանալ Երեւանի մէջ։ Թուրք ղեկավարները իրենց միտքէն իսկ պիտի չանցընեն այսպիսի խայտառակութիւն մը ընդունիլ», ըսաւ Պահչելի իր հաղորդագրութեան մէջ։
Ան կ՛աւելցնէ, որ Հայաստանի նախագահը «անպատուութեան ու սպանդի հետ նոյնացած իր անցեալը քօղարկելու համար, ինկած է անգիտակցութեան ճախճախուտին մէջ»։
Պահչելի նաեւ կը պահանջէ, որ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները ետ քաշուին խորհրդարանի օրակարգէն, եւ կոչ ըրաւ կառավարութեան, որ անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն դիմէ Ֆրանսայի իշխանութիւններուն մօտ, որպէսզի չվաւերացուի Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրինագիծը։
Ըստ Պահչելիի, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութիւնն է, որ հայերուն քաջութիւն տուած է Ցեղասպանութեան հարցը օրակարգ բերելու։ Ըստ անոր, «Թապուները կը փլցնենք, նախապաշարումները ետին կը թողունք, թշնամութիւնները կը տաշենք», եւ այսպիսի խօսքերով ստեղծուած այսօրուան հանգրուանը Թուրքիան դէմ յանդիման ձգած է վտանգաւոր ու պատասխանատու գործընթացի մը հետ։ «Ազգային հարցերու նկատմամբ կառավարութեան ցոյց տուած անհասկացողութիւնը, անոր խոնարհումը բոլոր անոնց դիմաց, որոնք մեր պատուաւոր անցեալը հարցաքննութեան կ՛ենթարկեն, նախ եւ առաջ Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումի տէրերուն ձեռքը խաղաքարտ տուած է ու զանոնք քաջալերած», ըսաւ ան:
Պահչելի նաեւ քննադատեց Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները՝ ըսելով, թէ հակառակ անոր, որ անոնց մէջ ընդգծուած է, թէ երկու պետութիւնները կը ճանչնան սահմանային միջազգային համաձայնութիւնները, «հոն չէ յիշուած Թուրքիա-Հայաստան սահմանները ճշդող 1921 թուականի Կարսի համաձայնագիրը»: