ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր ընկերն է, մեր կողքին, մեզի հետ աշխատող, մեզի օժանդակող, քաջալերող: Իր քառասուն տարուան հրապարակագրական հարուստ վաստակով, իր հետեւողականութեամբ, աշխատասիրութեամբ, քաղաքական-գաղափարական հոսանքներու ու մտածողութեանց բաւիղներէն քալող, միշտ մեր ազգային ուղին գտնող ու լուսաւորող վերլուծութիւններով, ան շահած է ամէնէն բարձր դափնիներուն արժանանալու իրաւունքը:
Մենք այսօր պարզապէս կը նշենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի նախկին խմբագիր, դաշնակցական եւ ընդհանրապէս հայկական մամուլին մէջ վերջին քառասուն տարիներուն ընթացքին մշտական ներկայութիւն եղած մտաւորական, հասարակական գործիչ եւ էութեամբ հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեանի յոբելեանը: Ներսի էջերով (9-16) այսօր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք մեր երէց ընկերոջ (եթէ արուեստի ոլորտին մէջ ըլլայինք, զինք վարպետ պիտի կոչէինք) գրիչի արգասիքէն նմոյշներ, որոնց ընտրութիւնը կատարուած է մեր տրամադրութեան տակ գտնուող սահմանափակ հաւաքածոյէ մը:
Իր յօդուածներէն, խմբագրականներէն, գաղափարական հարցեր ու խնդիրներ պարզաբանող գրութիւններէն, ընկերական հարազատ, սրտաբաց ու հանգիստ զրոյցներէն կարելի է հատորներ կազմել, առանձին նիւթերու խմբաւորումներով կարելի է վերջին տասնամեակներու մեր ազգային հիմնական խնդիրներն ու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կոչուած մտածումի ճիգերուն տարեգրութիւնը կազմել:
Ուրախ ենք յայտարարելու, որ իր վաստակը գնահատուած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի կողմէ, որ այս Ուրբաթ, «Ասպարէզ»ի խմբագրութեան կողմէ վեհափառին ի պատիւ տրուած հաւաքոյթի մը ընթացքին, պիտի պարգեւատրէ Նազարէթ Պէրպէրեանի մտաւորական աշխատանքը:
Մեր ընկերը կը շարունակէ մեր կողքին ըլլալ, կը շարունակէ աշխատիլ, գրել, լուսաբանել, առաջնորդել: Իր բեղուն գրիչին կանաչ ճանապարհ կը մաղթենք: