ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, թրքական պատկերասփիւռի կայանէ մը յայտարարած է, թէ անհրաժեշտութեան պարագային՝ Թուրքիա Սուրիոյ դէմ պիտի պատերազմի:
«Եթէ Սուրիոյ զարգացումները Թուրքիոյ ապահովութեան սպառնան, Թուրքիա պատրաստ է ամէն տեսակի հաւանականութեանց՝ մինչեւ իսկ այդ պետութեան դէմ պատերազմի», ըսած է Տաւութօղլու։ Մինչ այդ, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզօղլու յայտնեց, թէ Սուրիոյ սահմանին մօտ տեղի ունեցող թրքական ռազմափորձերը «քաղաքական նշանակութիւն մը չունին», սակայն շեշտեց, որ իր երկիրը «լուռ պիտի չմնայ» սուրիական իշխանութեանց կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ կատարուածին դիմաց։
Միւս կողմէ՝ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ «եթէ սուրիական ղեկավարութիւնը բարեփոխումներ չգործադրէ, ապա պէտք է իշխանութենէն հրաժարի»։
Վերջապէս, իսրայէլեան «Էն.Էֆ.Սի.» կայքը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը եւրոպական գաղտնի սպասարկութեան խողովակներու միջոցով, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի փոխանցած է պատգամ մը, որ եթէ Իսրայէլ Սուրիոյ, «Հըզպալլա»ի կամ նոյնիսկ «Համաս»ի կողմէ ռմբակոծուի, ապա իսրայէլեան հակազդեցութիւնը միայն Սուրիոյ դէմ պիտի չըլլայ, այլ նաեւ՝ Լիբանանի եւ Կազայի։