ԵՐԵՒԱՆ.- Սեպտեմբեր 16ին բոլոր լրատուամիջոցները հաղորդեցին «Զուարթնոց» օդակայանի նոր համալիրի հանդիսաւոր բացման մասին, երկրի առաջին դէմքերուն մասնակցութեամբ:
«Չենք լռելու» երիտասարդական նախաձեռնութեան անդամները Սեպտեմբեր 26ին յայտնաբերած են, որ տասը օր առաջ «բացուած» համալիրը տակաւին փակ է եւ այնտեղ կ՛իրականանան յարդարման աշխատանքներ, իսկ թռիչքները կ՛իրականացուին հին մասնաշէնքէն: Բանուորները նախաձեռնութեան անդամներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած են, որ համակարգման աշխատանքները աւարտին պիտի հասնին 15 օրէն:
Փաստօրէն, Անկախութեան 20ամեակին նուիրուած եւ տասնեակ հեռուստախցիկներու առջեւ տեղի ունեցած ձեւական բացումը որեւէ աղերս չունի իրականութեան հետ:
Նմանատիպ դէպքերը, ըստ «Չենք լռելու»ի անդամներուն, անգամ մը եւս կու գան ապացուցելու, որ Խորհրդային Միութենէն դուրս գալը դեռ բաւական չէ, այլ կարեւոր է որ Խորհրդային Միութիւնը դուրս գայ մարդոց մէջէն:
«Չենք լռելու»ն տարակուսանք կը յայտնէ յատկապէս համալիրի բացում-խաբկանքին ընթացքին Սերժ Սարգսեանի եւ Գարեգին Բ.ի մասնակցութեան առնչութեամբ: