ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Ազդակ».- Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26ին, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ: Իբրեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ժամանակաւոր նախագահ, Միքաթի քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Քլինթըն ողջունեց ՄԱԿի մէջ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքը եւ նկատել տուաւ, որ Լիբանան պէտք է իրեն յատուկ միջազգային ատեանին նիւթական յատկացումները շարունակէ՝ միաժամանակ շեշտելով, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին:
Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութեան առաջնահերթութիւնը երկրին կայունութեան պահպանումն է եւ կոչ ըրաւ գործադրելու Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը, լուծելու համար Միջին Արեւելքի տագնապը:
Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ. ընթացքին Լաւրով շեշտեց Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ օժանդակել լիբանանեան բանակին:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապին: