
ԵՐԵՒԱՆ.- «Լեւոն Թրավըլ» ճամբորդական գրասենեակի սեփականատէր Կարպիս Թիթիզեան, Հայաստանի Անկախութեան 20րդ տարեդարձին առիթով պարգեւատրուեցաւ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ: Թիթիզեան պատուոյ շքանշան ստացաւ իբրեւ Հայաստանի մէջ ներդնող առաջին սփիւռքահայերէն եւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման նպաստողներէն մէկը: «Լեւոն Թրավըլ» ընկերութիւնը եւս արժանացաւ յատուկ գնահատանքի:
«Լեւոն Թրավըլ» իր մասնաճիւղը բացաւ Երեւանի մէջ քսան տարի առաջ, Հայաստանի Անկախութեան առաջին իսկ օրերուն:
Թիթիզեան, Հայաստանի արուեստագէտներու ընտրանիի մը եւ իր աշխատակիցներուն հետ յատուկ ընդունելութեամբ նշեց Հայաստանի մէջ իր գործունէութեան քսանամեակը: