
«Մարմարա».- Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Եուրի Ճորքայէֆ, հարցազրոյց մը տալով ուքրանական մարզական կայքէջի մը՝ յայտարարեց, թէ ինք հպարտ է իր հայկական արմատներով, եւ թէ մասամբ կը տիրապետէ հայերէն լեզուին ու երբեմն ընտանիքէն ներս կը գործածեն հայերէն արտայայտութիւններ։
«Ատիկա իմ արիւնն է եւ ինծի համար մեծ կարեւորութիւն ունի», ըսած է Ճորքայէֆ։ Ան նաեւ շեշտած է, թէ եօթը տարիէ ի վեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է, եւ կը զբաղի Ամերիկայի մէջ մանկական ֆութպոլը զարգացնելու ծրագիրով մը։
«Ասիկա մեծածախս ծրագիր մըն է։ Յաճախ կը մասնակցիմ բարեգործական հանդիպումներու, անձամբ ալ բարեգործական հիմնադրամ մը հաստատած եմ ու կը ձգտիմ օգնելու բոլոր անոնց, որոնք նիւթականի կարիք ունին», շեշտած է Ճորքայէֆ։