ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ քննարկուած եւ 1 դէմ, 25 կողմ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունուած է աջաթեւեան Ազգային միութիւն կուսակցութեան պատգամաւորներէն Արյէ Էլտատի՝ Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր ոգեկոչելու մասին առաջարկը:
Առաջարկուող օրինագիծով կը պահանջուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ներառել դպրոցական կրթական ծրագիրներու մէջ, իսկ Ապրիլ 24ը սահմանել իբրեւ յիշատակման օր:
Արյէ Էլտատ անհրաժեշտ համարած է, որ Իսրայէլի Քնեսեթը հաւանութիւն տայ բանաձեւին, եւ նշած, թէ Իսրայէլը որքա՛ն խուսափողական դիրքորոշում կը ցուցադրէ այս հարցով, Թուրքիան այդքա՛ն շարունակաբար «յարձակումներ կը գործէ» Իսրայէլի վրայ:
Անդրադառնալով այս հարցին՝ թրքական «Զաման»ը կը գրէ. «Այդ պարագային, երբ իսրայէլաթրքական լարուած յարաբերութիւններուն մէջ փորձ կատարուի մեղմացում ընելու, պաշտօնական Երուսաղէմը Թուրքիային անհանգստութիւն պատճառող քայլ կը կատարէ»: