ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի նախաձեռնութեամբ, պետական համակարգի ծառայողներուն համար սկսած է անգլերէնի ուսուցման նպատակային ծրագիրը:
«Սփիք ափ» ընկերութեան կողմէ կազմակերպուող քառաստիճան դասընթացքները յաջողութեամբ աւարտած անձերը պիտի արժանանան խրախուսանքի՝ աշխատավարձքի բարձրացման ձեւով: Ծրագիրը նիւթական աջակցութիւն կը ստանայ ԼՂՀ կառավարութենէն։
Նշենք, որ այս կապակցութեամբ ԼՂՀ վարչապետը իր «պլոկ»ին մէջ գրած է. «Յարգելիներ. մեր աշխատանքի արդիւնաւէտութեան համար շատ կարեւոր է արդիական գիտելիքներով մարդուժի առկայութիւնը՝ իբրեւ մեր երկրի արագ զարգացման գրաւական: Բոլորիս է յայտնի, որ մերօրեայ ժամանակներում առանց նորամուծութիւնների, առանց տարբեր հաստատութիւնների հետ համագործակցութեան ու զարգացած երկրների յաջող փորձերին հետեւելու, չենք կարող կերտել մեր հասարակութեանն արժանի ապագայ, որը նաեւ մրցունակ լինի արտաքին աշխարհում: Դրա համար նաեւ կարեւոր է օտար լեզուների իմացութիւնը»:
Ան նշած է, թէ այդ նպատակով իրենց կողմէ նախաձեռնուած է անգլերէն լեզուի ուսուցման ծրագիր:
Ծրագիրը պիտի ներառէ աշխատողներ՝ պետական բոլոր գերատեսչութիւններէն՝ ըստ ցանկութեան ու նպատակայարմարութեան: